Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիմարքօ Կրնայ Միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտին

October 20, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինթեր Միլանի ձախ պաշտպան Ֆետերիքօ Տիմարքօ կրնայ միանալ Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտին:

Տիմարքօ, որ Ինթեր Միլանի կրտսերներէն սկսած է քանի մը անգամ փոխ տրուելով Իտալիոյ այլ ակումբներու (Փարմա, Վերոնա) 25 տարեկան է եւ շատ լաւ օրերու մէջ կը գտնուի:

Անգլիոյ «Կարմիր սատանաները» լրջօրէն հետաքրքրուած են Տիմարքոյով, հակառակ անոր որ մինչեւ 2026 պայմանագրութիւն ունի Ինթերի հետ:

Եունայթըտի մարզիչ Թեն Հակ մտադիր է զօրացնել պաշտպանողական գիծը, մանաւանդ որ մեծ թիւով վիրաւոր մարզիկներ ունի: Ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակաշրջանին Եունայթըտ փորձ մը պիտի կատարէ ձեռք ձգելու Տիմարքոն, որուն փոխանցման արժէքը կրնայ հասնիլ 45 միլիոն եւրոյի:

Միւս կողմէ, Ինթեր Միլանի գլխաւոր տնօրէն Ճիուսեփէ Մարոթթա վերջերս յայտնեց, թէ նախկին պաշտպան Միլան Շքրինիարի հետ պայմանագրութեան գծով ժողովի մը ընթացքին շատ վատ զգացում մը ունեցած է մանաւանդ Սլովաք պաշտպանի ոճէն. երբ նպատակ կար երկարաձգելու պայմանագրութիւնը, ինք արդէն գաղտնօրէն որոշած էր լքել խումբը: 6 տարի Ինթերի հետ լաւ ժամանակ անցընելէ ետք, Շքրինիար միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին:

Ըստ Մարոթթայի, «Շքրինիար անարգած էր ակումբը, երբ երկարաձգման եւ փոխ տրուելու պարագային նիւթական համաձայնութեան մասին կը խորհրդակցէինք, բայց ինք ամէն ինչ կը մերժէր»:

Նախորդը

Պեռնարտեսքի Կը Փափաքի Վերադառնալ Եուվէ

Յաջորդը

Մեսսի Ամէնէն Շատ Վճարուած Ֆութպոլիստը

RelatedPosts

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…
Մարզական

«Պալոն Տ՛օր-ի Քուէարկութեան Հետքերով…

November 4, 2026
Ֆութսալ.  Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին
Մարզական

Ֆութսալ. Եունիսփորթ Բաւական Լաւ Փորձառութիւն Ունեցաւ Իր Առաջին «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

November 4, 2026
17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ.  Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները
Մարզական

17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ. Այսօր` Կիսաւարտականի Մրցումները

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.