Վերջին երեք տարիներու աշխարհի ախոյեան հոլանտացի Մաքս Վերշթափըն կրնայ միանալ «50 յաղթանակի ակումբին», եթէ այս կիրակի կարենայ շահիլ Միացեալ Նահանգներու կրան փրին:
Ան շատ լաւ ժամանակաշրջանի մէջ կը գտնուի, լաւ վարորդ է, ունի լաւ ինքնաշարժ եւ 2021-էն ի վեր 61 մրցումներուն 39-ն շահած է:
Ան այդ տարին (2021) իր ասպարէզի առաջին տիտղոսը շահեցաւ, եւ անմիջապէս յաջորդող 2 տարիներուն` 2 տիտղոս, մրցանիշներ արձանագրելով:
Ստորեւ «Ֆորմիւլա-1» ախոյեանութեան ամէնէն շատ յաղթանակ արձանագրող վարորդները.
1.- Լուիս Հեմիլթըն 103 յաղթանակ (վերջինը 2021-ին` Սէուտական Արաբիա)
2.- Միքայէլ Շումախըր 91 յաղթանակ (Չինաստան` 2006)
3.- Սեպասթիան Ֆեթել 53 յաղթանակ (Սինկափուր` 2019)
4.- Ալեն Փրոսթ 51 յաղթանակ (Գերմանիա` 1993)
5.- Մաքս Վերշթափըն 49 յաղթանակ (Քաթար` 2023)
6.- Այրթոն Սեննա 41 յաղթանակ (Աւստրալիա` 1993)