Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Կովկասի Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութիւններու Ապաշրջափակումը Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հիմնական Տարրն Է»

Հոկտեմբեր 19, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնական տարրն է: Այս մասին «Թրենտ»-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման առանցքային տարրն է, որ մշակուած է 2020-2022 թուականներուն` բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններու հիման վրայ:

«Այս հարցը վստահուած է եռակողմ աշխատանքային խումբին, որ կը համանախագահեն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետները: Մինչեւ օրս կայացած է եռակողմ աշխատանքային խումբի 12 հանդիպում (վերջինը` 2 յունիսին), մանրամասն ուսումնասիրուած է հեռանկարային երկաթուղային եւ ճանապարհային երթուղիներու թղթածրարը», ըսած է Զախարովա` պատասխանելով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նախագիծի առաւելութիւններուն մասին հարցումին:

Ան նշած է, որ եռակողմ աշխատանքային խումբի 12-րդ հանդիպման արդիւնքներով յառաջընթաց արձանագրուած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եղանակներու համաձայնեցման հարցին մէջ:

«Ընդհանուր փոխըմբռնում ձեռք բերուած է Երասխ-Ճուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երթուղիի երկայնքով երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման եւ կազմակերպման որոշակի քայլերու իրականացման վերաբերեալ: Մեր աշխատանքին մէջ մենք կը մեկնինք փոխադարձութեան, երկու երկիրներու գերիշխանութիւնն ու իրաւասութիւնը յարգելու սկզբունքներու պահպանման անհրաժեշտութենէն», աւելցուցած է Մարիա Զախարովա:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ճանապարհին յաջողութիւնը լրացուցիչ խթան պիտի հաղորդէ եռակողմ աշխատանքի այլ ոլորտներուն: Ատիկա նաեւ կը վերաբերի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման, հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, գործիչներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ երկխօսութեան մեկնարկին:

 

 

 

Նախորդը

Լըքորնիւ. «Ֆրանսան Հայաստանի Պիտի Վաճառէ Բացառաբար Պաշտպանական Զէնքեր»

Յաջորդը

Մոսկուա Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Փաշինեանի Խօսքերը Կը Գնահատէ «Բացարձակ Անպատասխանատու Եւ Սադրիչ»

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?