Հայաստանի ազգային հաւաքականը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սթրումիցայի մէջ` հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ մրցումին:
ՖԻՖԱ-ի դասաւորման մէջ թիւ 66 դասուած հիւսիսային Մակեդոնիա բացաւ մրցումին հաշիւը թիւ 91 դասուած Հայաստանի դէմ 43-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Ալեքսանտր Թրայքովսքիի:
59-րդ վայրկեանին Միլան Ռիսթովսքի եւ 88-րդ վայրկեանին Էրտոն Տացի նշանակեցին Հիւսիսային Մակեդոնիոյ միւս երկու կոլերը: Հայաստանի միակ կոլը նշանակեց Էտուարտ Սփերցեան 92-րդ վայրկեանին: Բարեկամական այս մրցումէն ետք, Հայաստանի յաջորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ 18 նոյեմբերին, Երեւանի մէջ, Ուէյլզի դէմ, ապա 21 հոկտեմբերին` Խրուաթիոյ մէջ: Վերջինս պիտի ըլլայ Եւրօ-2024-ի զտումի վերջին մրցումը: