Պրիւքսելի մէջ (Պելճիքա) 2 շուէտացի ֆութպոլի համակիրներ սպաննուեցան դաշտին մօտ գտնուող թաղի մը մէջ, մինչ մրցումին կը պատրաստուէին Շուէտի եւ Պելճիքայի մարզիկները:
Կիսախաղի դադարին, երբ լուրը տարածուեցաւ, շուէտացիները նախընտրեցին չշարունակել մրցումը (1-1 էր արդիւնքը), եւ համակիրները մնացին դաշտ` մեծ մասը հանելով իրենց շուէտական դեղին տարազները…
Աւելի ուշ տեսանիւթ մը տարածուեցաւ, ուր անձ մը ինքզինք ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամ հռչակելով որդեգրեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը` սպաննելով 2 շուէտացի համակիրներ իրենց դեղին տարազներով:
Համակիրները անակնկալի առջեւ գտնուեցան, երբ իմացան եղելութիւնը, անմիջապէս հանեցին իրենց տարազները: