Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յատուկ Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին` «Մեծ Յոյսով Եմ, Որ Տպաւորիչ Արդիւնքներ Արձանագրելով` Բարձր Պիտի Պահեմ Լիբանանահայութեան Անունը» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Շահան Սարգիսեան

March 29, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վստահաբար, շատերուն համար գրեթէ ամբողջութեամբ անծանօթ է Ֆորմիւլա – Ռընոյի ախոյեանութիւնը, որուն այդքան ալ մեծ ուշադրութիւն չի յատկացուիր:

Սակայն, անիկա այս տարեշրջանին կը խոստանայ ըլլալ հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ անոր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ լիբանանահայ Շահան Սարգիսեան:

Ֆորմիւլա – Ռընոյի ախոյեանութեան գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալու նպատակով, «ԱԶԴԱԿ» այս առիթով յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Շահան Սարգիսեանի հետ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Կարելի՞ է մեր ընթերցողներուն որոշ լուսաբանութիւն մը տալ, թէ ի՛նչ է Ֆորմիւլա – Ռընոյի ախոյեանութիւնը:

ՇԱՀԱՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Նախքան այս հարցումին պատասխանեը, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «ԱԶԴԱԿ»-ին, որ այս հարցազրոյցը կատարեց հետս:

Ֆորմիւլա – Ռընոյի ախոյեանութիւնը կը նկատուի շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անիկա նախաքայլն է մտնելու համար Ֆորմիւլա – 1-ի աշխարհ: Կարգ մը անուանի վարորդներ Ֆորմիւլա – Ռընոյէն ուղղակի անցած են Ֆորմիւլա – 1:

Այս ծիրին մէջ, Ֆորմիւլա – Ռընոն դասուած է չորրորդ կարգի, յաջորդաբար` Ֆորմիւլա – 1-էն, GP- 2-էն եւ Ֆորմիւլա – 3-էն ետք:

«Ա.».- Անոր մասնակցիլը դիւրի՞ն է: Ի՞նչ են ձեւերը` անոր մասնակցելու համար:

Շ. Ս.- Ֆորմիւլա-ի աշխարհին մէջ թէեւ անիկա նկատի առնուած է իբրեւ Դ. կարգի ախոյեանութիւն, սակայն անոր մասնակցիլը բաւական դժուար է: Մանրամասնելու համար ըսեմ:

Նախ եւ առաջ տարեշրջանի մը համար անոր տարեկան պիւտճէն է 100 հազար ամերիկեան տոլար:

Առանց հովանաւորող ընկերութիւն մը (կամ ընկերութիւններ) գտնելու անոր մասնակցիլը բաւական դժուար է:

Անոր մասնակցիլ փափաքողները կը կատարեն զտումի մրցումներ, եւ լաւագոյն 26 դիրքերը գրաւողները իրաւունք կը ստանան այս ախոյեանութեան մասնակցելու:

«Ա.».- Դուն անոր մասնակցելու իրաւունք ստացա՞ր:

Շ. Ս.- Զտումի մրցումներուն շատ լաւ արդիւնք արձանագրելով անոր մասնակցելու իրաւունք ստացայ: Այժմ կը փորձեմ գտնել հովանաւորող ընկերութիւն մը: Նշեմ, որ ցարդ չեմ որոշած, թէ ո՛ր խումբին հետ ելոյթ պիտի ունենամ այս տարեշրջանին, որովհետեւ երեք խումբեր` MGR, SWB եւ MTECH հետաքրքրուած են ինձմով: Կը կարծեմ, որ վերջինին միանալու յոյսերը աւելի շատ են:

«Ա.».- Ֆորմիւլա – Ռընոյի ախոյեանութիւնը ե՞րբ տեղի կ՛ունենայ եւ ո՞ւր:

Շ. Ս.- Անիկա տեղի կ՛ունենայ Անգլիոյ մէջ գտնուող «Սիլվըրսթոն»-ի վազքուղիին վրայ: 14 հանգրուանի մրցումներ ընդգրկող այս ախոյեանութիւնը կ՛երկարի վեց ամիսներու եւ վեց շաբաթավերջերու վրայ` հետեւեալ ձեւով.

Ապրիլին` 3 հանգրուան, մայիսին, յունիսին եւ յուլիսին` երկուքական, օգոստոսին` 3 եւ հոկտեմբերին` 2 սեպտեմբերին մրցում տեղի չ՛ունենար: Երկուքական ըսելով կը հասկնանք երկար եւ կարճ հանգրուանի մրցումներ:

«Ա.».- Վերոնշեալները նկատի ունենալով չե՞ս կարծեր, որ այս ախոյեանութեան մասնակցելու համար քիչ մը ուշացած ես:

Շ. Ս.- Երբե՛ք: Անոր կը մասնակցիմ առաջին տարին ըլլալով: Եթէ պատահեցաւ, որ քանի մը հանգրուանի մրցումներէ բացակայիմ, չեմ կարծեր, որ բան մը կորսնցուցած կ՛ըլլամ: Ինծի համար առաջնահերթ նպատակ է անոր մասնակցելով, փորձառութիւն ունենալ այս մարզին մէջ: Այս տարեշրջանի ախոյեանութեան մասնակցելով` երբեք չեմ ցանկար տիտղոսի տիրանալ: Ինծի համար, ներկայ հանգրուանին, կարեւորը «Սիլվըրսթոն»-ի վազքուղիներուն վրայ ելոյթ ունենալն է, հովանաւորող ընկերութիւն մը գտնելը եւ խումբի մը միանալը: Մնացեալները յառաջիկային շատ դիւրութեամբ կը լուծուին:

«Ա.».- Այս ախոյեանութեան կը կարծե՞ս, որ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կրնաս գտնել դուն քեզ:

Շ. Ս.- Բնականաբար դժուարութիւններ կրնամ ունենալ, մանաւանդ որ Անգլիոյ մէջ ընդհանրապէս տեղումները կ՛ըլլան անպակաս: Սակայն յոյս ունիմ, որ այս վիճակին հետզհետէ կ՛ընտելանամ եւ լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգեմ Լիբանանի եւ անշուշտ` հայութեան համար ալ:

«Ա.».- Ինչպէս ծանօթ է, ինքնաշարժիդ վրայ գրուած է քու անունդ: Արդեօք յառաջիկային այլ նորութիւններ պիտի աւելնա՞ն անոր վրայ:

Շ. Ս.- Հպարտ եմ հայ ըլլալուս համար եւ յոյսով եմ, որ բարձր կը պահեմ Լիբանանի անունը` Ֆորմիւլա – Ռընոյի ախոյեանութեան:

Նորութիւն ըսելով, այժմ կ՛աշխատիմ մրցումի գլխարկիս վրայ լիբանանեան դրօշակին կողքին տեղադրել նաեւ հայկական Եռագոյնը: Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ կրնամ տալ մօտիկ ապագային:

«Ա.»- Ուրիշ ըսելիք ունի՞ք մեր ընթերցողներուն:

Շ. Ս.- Ինչպէս հարցազրոյցին սկիզբը նշեցի, խորապէս շնորհակալ եմ այս հարցազրոյցին համար: Օրաթերթին կը մաղթեմ մնայուն վերելք:

Շատ մեծ յոյսով եմ, որ տպաւորիչ արդիւնքներ պիտի արձանագրեմ եւ բարձր պիտի պահեմ լիբանանահայութեան անունը` միջազգային գետնի վրայ: Յոյսով եմ, որ արձանագրած արդիւնքներուս շնորհիւ այս մարզով հետաքրքրուող հայ համակիրներուն թիւը աճ արձանագրէ:

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Ո՞Վ Է Շահան Սարգիսեան

Ծնած է 12 նոյեմբեր 1988-ին` Նիւ Եորքի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):

Հակառակ անոր որ ան մեծ մասամբ ապրած է Լիբանանէն դուրս, սակայն լաւապէս կը տիրապետէ հայերէնին եւ ունի լաւ բառապաշար:

1988-էն 2004 ապրած է Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա), 2004-էն 2006` Լիբանան, 2006-էն 2011` Պոսթըն, իսկ 2011-էն մինչեւ ներկայ թուականը` Լիբանան:

Ան յաճախած է հետեւեալ դպրոցներ. «Լիսէ Ֆրանսեզ» (10 տարի): «Ամերիքըն ինթըրնեշընըլ սքուլ» (3 տարի) եւ «Էյ.Սի.Էս.» (2 տարի:

Ան յաճախած է նաեւ «Նորթ իսթըրն եունիվըրսիթի» եւ «Պոսթըն մեքանիքըլ էնճինիր» համալսարանները, որոնցմէ վկայուած է:

Ան զաւակն է Հրայր Սարգիսեանի։

Նախորդը

ՀՄԸՄ – ԼԵՎԱՄ. Ֆութպոլի Մրցումներու Յայտագիր

Յաջորդը

Բժիշկներու Սենտիքայի Նախագահը Այցելեց Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութեան Կեդրոնատեղին

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.