Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 12, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

«Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» Կիրակնօրեայ Դպրոցի Նորոգուած Կեդրոնի Բացում

Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 17 սեպտեմբերին կատարուեցաւ «Ս. Սահակ- Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի նորոգուած կեդրոնին բացումը: Յայտնենք, որ եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան նախկին կեդրոնը «Սոլթ» բարեսիրական հաստատութեան կողմէ նորոգուելով` յանձնուեցաւ «Ս. Սահակ- Ս.Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցին:

Կիրակնօրեայ դպրոցի ընդհ. տեսուչ Զարեհ քհնյ. Շաքարեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց կիրակնօրեայ դպրոցին առաքելութիւնը եւ գործունէութիւնը: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց  «Սոլթ» հաստատութեան, նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին ծրագիրի յաջողութեան համար:

Այնուհետեւ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած կիրակնօրեայ դպրոցի գործունէութենէն պատկերներ, որմէ ետք գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները` երաժշտական կատարումներով եւ աղօթքի արտասանութեամբ:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց կեդրոնին բացման համար` դիտել տալով, որ կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս, կրօնական դաստիարակութեան կողքին, կը փոխանցուին ազգային արժէքները մեր զաւակներուն, որոնց նկարագիրը կազմաւորուելով` տիպար հայորդիներ կը դառնան: Սրբազանը մաղթեց, որ կեդրոնը իր նպատակին ծառայէ եւ, կիրակնօրեայ դպրոցին գործունէութեան կողքին, երիտասարդական համագումարներ, աստուածաշնչական սերտողութիւններ եւ կնոջական լսարաններ հիւրընկալէ:

Միացեալ Նահանգներ

Ոսկրածուծի Նուիրատուներու Հիմնարկի 24-րդ Տարեդարձի Նշում

Վերջերս Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) 24-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը:

Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Գայեանէ Քոսթիքեան եւ Անեթ Փոսթիք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հովանաւորներուն: Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ներկայացուցիչ Եղիա վրդ. Եսայեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի ներկայացուցիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան կատարեցին ձեռնարկի բացման աղօթքը: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն եւ Ամերիկահայ բժշկական միջազգային ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Վիգէն Սէֆիլեան, որ դրուատեց կեանքեր փրկող այս կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքները, հիւանդներուն պայքարելու ոգին եւ նուիրատուներուն ցուցաբերած աջակցութիւնները: Ան նաեւ ներկայացուց ձեռնարկին պաշտօնական հիւրերը:

Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան ձեռնարկին գլխաւոր բանախօս տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ հիմնարկի գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեան` ներկայացնելով Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ 1999-ին հաստատուած հիմնարկին նորագոյն աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները: Ապա տեղի ունեցաւ հիմնարկին մասին Table 22 Films հաստատութենէն բեմադրիչ Կարէն Միրզայեանի պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մրցանակներու յանձնումը, որուն ընթացքին  Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ ծերակոյտէն գնահատագիր մը յանձնեց հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընին:

Յունաստան

Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը

23-24 սեպտեմբերին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներուն մէջ գումարուեցաւ թեմի Ազգային երեսփոխանական 44-րդ ժողովը:

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ դիւանին կողմէ, ապա կարդացուեցաւ մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին նամակը` ուղղուած ժողովին, որուն մէջ ան կը կատարէր կարգ մը թելադրանքներ` զանազան հարցերու մասին, որոնք ան նկատեց իր հովուապետական վերջին այցելութեան ընթացքին, ապա իր հայրական խօսքը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը, որմէ ետք կարդացուեցան շրջանաւարտ Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան զոյգ տեղեկագիրները: Ժողովին երկրորդ օրը կատարուեցան յաջորդ երկամեակին համար նոր բանաձեւումներու մշակումներ: Ժողովի աւարտին կատարուեցան նոր մարմիններու ընտրութիւններ: Ընտրուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան նոր կազմերը: Թեմի առաջնորդի նստաշրջանի աւարտին ու նոր ընտրութեան կապակցութեամբ, ժողովը լսեց Արամ Ա. վեհափառին նամակը, որով իր գնահատանքը կը յայտնէր Գեղամ արք. Խաչերեանի վեցամեայ առաջնորդութեան ընթացքին մասին, ապա կը ներկայացնէր նոր ընտրութեան համար թեկնածուներու եռանուն ցանկ մը: Ժողովը միաձայնութեամբ վերընտրեց Գեղամ արք. Խաչերեանը` որպէս Յունաստանի թեմի առաջնորդ յաջորդ վեց տարիներուն համար: Սրբազան հայրը խօսք առնելով` իր գոհունակութիւնը յայտնեց ժողովին կողմէ իր անձին հանդէպ արտայայտուած վստահութեան համար եւ շեշտեց առաւել կամքով ու ամբողջական յանձնառութեամբ գործելու իր պատրաստակամութիւնը մարմիններուն հետ` ի խնդիր թեմի ծաղկեցման:

Իրաք

Պաշտօնական Այց` Տհօքի Մէջ

Հիւսիսային շրջան տուած իր հովուական այցելութեան ծիրէն ներս թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի եւ Տհօքի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Երուանդ Էմինեանի, այցելեց Քիւրտիստանի Դեմոկրատ կուսակցութեան Տհօքի պատասխանատու Պեշթուան Սատըքին: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայերու եւ քիւրտերու բարեկամական փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` քրտական մարզի եւ մանաւանդ Տհօքի, Զախոյի եւ գիւղերու մէջ բնակող հայերուն կարիքները եւ յուզող հարցերը:

Երկար Տարիներու Սպասումէ Ետք Կ՛իրականանայ Հաւրէզք Գիւղի Բնակիչներուն Փափաքը

Գլխաւորութեամբ Տհօքի նահանգապետին եւ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանին, 18 սեպտեմբերին հիմնաքարը դրուեցաւ Իրաքի քրտական մարզի Հաւրէզք հայաբնակ գիւղ տանող ճանապարհի վերանորոգութեան ծրագիրին: Այսպիսով, վերջ պիտի գտնէ գիւղացիներու դէպի մօտակայ քաղաքներ երթեւեկութեան դժուարութիւնը:

Հայր սուրբը երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նահանգապետին եւ Սիւմելի քաղաքապետին` Հաւրէզքի բնակիչներու օգտին համար այս ծրագիրի գործընթացը սկսելուն համար:

Յայտնենք, որ այս ազգօգուտ աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը բերաւ Քիւրտիստանի խորհրդարանի նախկին անդամ Երուանդ Էմինեան:

Ատրպատական

ՀՕՄ–ի Թաւրիզի Վարչութեան Այցելութիւնը

1 սեպտեմբերին Հայ Օգնութեան միութեան Թաւրիզի Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանին հետ:

Սրբազան հայրը ողջունեց ՀՕՄ-ի նուիրեալ ծառայութիւնը համայնքի կեանքին, ինչպէս նաեւ` կրթադաստիարակչական եւ մշակութային ծիրին մէջ:

Հանդիպման գլխաւոր առանցքը հանդիսացաւ կրթական նոր` 2023-24 տարեշրջանի նախապատրաստական աշխատանքներու զեկուցումը` Թաւրիզի «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզ-նախակրթարանին մէջ եւ այլ մշակութային ծրագիրներ` յառաջիկայ տարուան համար: Սրբազան հայրը լսելէ ետք ներկայացուած աշխատանքներու եւ ծրագիրներու մասին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց վարչութեան, նաեւ` «Ծերունի Գասպարեան» դպրոցի ուսուցչակազմին, որոնք մեծ նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն

Սրբազան Հօր Հանդիպումները

* 14 սեպտեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան հովուական այցելութեամբ մեկնացաւ Տոհա: 17 սեպտեմբերին ան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան դեսպան Ֆարահ Պրիի հետ` ընկերակցութեամբ Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ տոքթ. Հրաչ Բարսէղեանի, Ազգային Գործադիր Մարմինի ատենապետ Վիգէն Թաթարեանի, Ալեքս Շալիթա Պուարիի եւ Թալին Քերթէշեանի:

Հանդիպման հիմնական նիւթ էր յունուար ամսուան ընթացքին վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութեան կազմակերպչական աշխատանքներու համադրումը, յատկապէս` պետական մակարդակի վրայ տեղի ունենալիք տեսակցութիւններն ու հանդիպումները:

Սրբազան հայրը հանդիպման ընթացքին հեռախօսային կապ հաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, այցելութեան որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցեց, եւ դեսպանը առիթը ունեցաւ վեհափառ հայրապետին հետ հեռախօսով զրուցելու, եւ վեհափառը անդրադարձաւ իր տալիք այցելութեան մասին:

Նոյն օրը սրբազան հայրը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցան դեսպան Արմէն Սարգիսեանին հետ: Հանդիպման ընդհանուր նպատակն էր դարձեալ վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութեան կազմակերպչական հարցերը, նաեւ` թեմի ծրագիրները, աշխատանքները, եւ Տոհայի մէջ ապրող հայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:

«Մոռցուած Հայրենիք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

* Նախագահութեամբ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ թեմի Ազգային վարչութեան, 24 սեպտեմբերին Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Սուրէն Քոճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային վարչութեան անդամ Քրիսթինէ Եփրեմեան-Թոսունեանը, որ մատնանշեց անկախութեան կարեւորութիւնը եւ անոր պահպանումը, ապա ներկայացուց վաւերագրութեան հեղինակ, բեմադրիչ Իսամ Նակին: Ցուցադրութեան աւարտին ելոյթ ունեցան տոքթ. Արմէն Մազլումեանը եւ բեմադրիչ Իսամ Նակին, որոնք խօսեցան ժապաւէնի պատրաստութեան փուլերուն ու անոր պատգամին կարեւորութեան մասին, յատկապէս ներկայ կացութեան լոյսին տակ:

Ժապաւէնը կը ներկայացնէր արցախեան 44-օրեայ պատերազմին տեղի ունեցած դէպքերուն մասին, ինչպէս նաեւ կը մատնանշէր Սիւնիք շրջանի կարեւորութիւնը` որպէս Հայաստանի հողային ամբողջութեան պահպանութեան կարեւորագոյն շրջաններէն մին:

Սրբազան հայրը փակման խօսքին մէջ բարձր գնահատեց եգիպտացի բեմադրիչը, որ նման վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեամբ շեշտաւորած է թէ՛ մեզի եւ թէ՛ աշխարհին Սիւնիք շրջանի կարեւորութիւնը, եւ յանուն թեմի Ազգային վարչութեան` յիշատակի նուէր մը յանձնեց բեմադրիչին:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը. «Մենք Ենք Մեր Սարերը»

Յաջորդը

Արցախն Է Հայոց

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?