Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղեն վերադառնալու խաղաղ բանակցութիւններուն` չլուծուած հարցերը քննարկելու եւ անոնց լուծում գտնելու համար:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին 2 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր:
Անդրադառնալով Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութեան` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսած է, թէ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի առաքելութեան Լեռնային Ղարաբաղի շրջան ժամանումը:
«Ազրպէյճան կ՛երաշխաւորէ, որ Ղարաբաղի հայ բնակիչներու իրաւունքները պաշտպանուած պիտի ըլլան», նշած է ան:
Միլլըր յայտնած է, որ իր երկիրը լրջօրէն կը վերաբերի ցեղային զտումներու, ցեղասպանութեան եւ այլ վայրագութիւններու մասին մեղադրանքներուն: «Մենք այդտեղ կապ կը պահենք կացութեան առնչուած: Մենք պիտի չխուսափինք համապատասխան քայլերու ձեռնարկելէ` արձագանգելու վայրագութիւններու մեղադրանքներուն եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու վայրագութիւններու համար պատասխանատուները, երբ ապացոյցներ ունենանք, որ անոնք տեղի ունեցած են: Սակայն, ինչպէս միշտ, ցեղասպանութիւն կամ ցեղային զտումներ կատարելու որոշումը հիմնուած է կանխամտածուած, ապացոյցներու վրայ հիմնուած հոլովոյթի վրայ: Այս ամպիոնէն վերջնականապէս չեմ կրնար խօսիլ այս մասին», ըսաւ ան:
Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է. «Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան մեկնած են հարիւր հազար, կամ ես կ՛ըսէի` շուրջ հարիւր հազար հայեր»: «Հիմա մենք չենք գիտեր, չեմ կարծեր, որ մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ ըսել, որ անոնց քանի՞ տոկոսը կը ծրագրէ ընդմիշտ մնալ Հայաստան, քանի՞ տոկոսը կրնայ ուզել վերադառնալ, եթէ պայմանները արտօնեն, տեղահանուածներուն ցուցաբերուի համապատասխան վերաբերմունք:
«Հետեւաբար, մենք կը կրկնենք անկախ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն ստեղծելու մեր կոչը, որ պիտի ապահովէ թափանցիկութիւն եւ պիտի հաւաստիացնէ Լեռնային ղարաբաղի ժողովուրդին, որ հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի պաշտպանուին, յատկապէս անոնց, որոնք կ՛ուզեն վերադառնալ: Ազրպէյճանը նման հաւաստիացումներ տուած է: Մենք կը կարծենք, որ պէտք է ըլլայ միջազգային դիտորդական առաքելութիւն, որ պիտի դիտարկէ եւ պիտի երաշխաւորէ զանոնք», ըսած է ան:
«Մենք կը շարունակենք աշխատիլ մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ աւելի երկարաժամկէտ առաքելութիւնը», յայտնած է Միլլըր: