Անցեալ շաբաթավերջին Թաէֆի մէջ (Սէուտական Արաբիա) Լիբանանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբը «Ֆահտ թագաւոր»-ի մարզական աւանին մէջ անմոռանալի մրցումէ մը ետք 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոթանի ազգային խումբը, յետ երկարաձգման:
Պատմական աւարտական մրցում մըն էր այս, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով միջազգային մակարդակի վրայ Լիբանան այս ձեւի մրցաշարք մը կը շահի:
Հետաքրքրականը այն է, որ Լիբանանի կողմէ կը բացակայէին արհեստավարժ մարզիկներ Փիլար Խուրի, Հանին Թամիմ, Նաթալի Մաթար, Քրիսթի Մաալուֆ եւ Ժիւլի Աթալլա: Երիտասարդներով դաշտ ներկայացած Լիբանանի աղջիկները հասան երկարաձգման: 102-րդ վայրկեանին Լիլի Իսքանտար նշանակեց մրցաշարքին ամէնէն կարեւոր կոլը` Սինթիա Սալհայի փոխանցումէն օգտուելով: Պատմութիւնը հոս չ՛աւարտիր: Այս կոլը ոչ միայն մրցաշարքի տիտղոսը նուիրեց Լիբանանին, այլ նաեւ Լիլի Իսքանտար այս կոլէն ետք եղաւ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբին լաւագոյն կոլսքորըրը` 9 կոլերով:
Նշենք, որ Մայրիներու աղջիկներու խումբը կազմուած է 2006-ին եւ զտումի մրցումներու սկսած է մասնակցիլ 2014-ի աղջկանց Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին: Խումբին մարզիչն է Ժուանա Համզէ, որ Անսարի նախկին աստղերէն Սալիմ Համզէի եղբօր աղջիկն է: