Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քենաանի. «Իրան Դէմ Է Միջազգային Սահմաններու Փոփոխութեան Եւ Արտաշրջանային Միջամտութեան»

October 3, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի Իրան այցելութիւնը Իսլամական Հանրապետութեան համար առիթ դարձաւ` արտայայտելու իր տեսակէտը կովկասեան շրջանին մէջ տագնապները շրջանային ներուժի միջոցով լուծելու վերաբերեալ: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի:

Անոր համաձայն, այցելութիւնը տեղի ունեցած է երկու դրացի երկիրներու միջեւ բանակցութիւններու եւ հաղորդակցութիւններու շարունակութեան ծիրին մէջ` երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ կովկասեան շրջանին մէջ զարգացումներու վերանայման նպատակով:

Ըստ Քենաանիի, Իրանը մեծ նշանակութիւն կու տայ Կովկասի մէջ տիրող կացութեան, եւ հայ պաշտօնատարի Իրան այցելութիւնը կայացած է այդ հարցերը քննարկելու նպատակով: Ան նշած է, որ Թեհրան կ՛ողջունէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ տագնապներու դադրեցումը` ընդգծելով, որ Իրանը դէմ է միջազգային աշխարհաքաղաքական սահմաններու որեւէ փոփոխութեան:

Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի վերջին յայտարարութիւններուն, ան ըսած է, որ Իսլամական Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է զարգացմանը փոխադրական ցանցերու, որոնք օգուտ պիտի բերեն շրջանի բոլոր երկիրներուն, սակայն դէմ է միջազգային սահմաններու փոփոխութեան եւ արտաշրջանային միջամտութեան:

«Շրջանի սահմաններուն վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը շատ պարզ է. մենք բազմիցս արտայայտած ենք մեր տեսակէտը: Մենք կը հաւատանք, որ բոլոր կողմերուն պատասխանատու ջանքերը պէտք է լուծեն վէճերը քաղաքական եւ խաղաղ ճամբով բանակցութիւններու միջոցով», նշած է ան` աւելցնելով, որ Իրանը պատրաստ է ընելու կարելի ամէն ինչ` Կովկասի մէջ խնդիրները լուծելու համար:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչը կը պատրաստուի այցելելու Իրան, այցելութեան ստոյգ ժամկէտը պիտի յայտարարուի իր ժամանակին: Ան նաեւ ըսած է, որ ծրագրուած այցելութենէն բացի, ներկայիս կ՛ընթանան երկկողմանի քննարկումներ շարք մը հարցերու շուրջ` նշելով, որ անոնցմէ առանցքային են Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան աշխատանքի վերսկսումը եւ կովկասեան շրջանին մէջ զարգացումները:

Նախորդը

«Շրջանի Աշխարհագրութեան Որեւէ Փոփոխութիւն Անվտանգութեան Բացակայութեան Կը Յանգեցնէ» Կ՛ըսէ Ահմատեան

Յաջորդը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Պիտի Այցելէ Հայաստան Եւ Պիտի Տեսակցի Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներու Հետ

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.