Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրջանի Աշխարհագրութեան Որեւէ Փոփոխութիւն Անվտանգութեան Բացակայութեան Կը Յանգեցնէ» Կ՛ըսէ Ահմատեան

October 3, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար, զօր. Ալի Աքպար Ահմատեան 1 հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ ընդունած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:

«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին Ահմատեան մատնանշած է կովկասեան շրջանին մէջ վերջին զարգացումները եւ ընդգծած շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման համար իւրաքանչիւր կողմի ջանքերու անհրաժեշտութիւնը: «Շրջանի աշխարհագրութեան որեւէ փոփոխութիւն կը յանգեցնէ անվտանգութեան բացակայութեան եւ անկայունութեան եւ կը սրէ ճգնաժամը», ընդգծած է ան:

Ըստ աղբիւրին, պարզաբանելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնարար եւ անփոփոխ քաղաքականութիւնը` զարգացնելու իր դրացիներուն հետ համագործակցութիւնն ու փոխադարձ գործակցութիւնը եւ ստեղծելու շրջան մը, որ զերծ է որեւէ տեսակի լարուածութենէ եւ տագնապէ, Ահմատեան աւելցուցած է. «Շրջանի երկիրներուն միջեւ թափանցիկ եւ կառուցողական երկխօսութիւնները հիմք կը ստեղծեն կայուն անվտանգութեան, հաւասարակշռուած զարգացման ու բարգաւաճման համար եւ շրջանի բնակիչներուն համար յարմարաւէտութիւն»:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պատրաստ է անհրաժեշտ հիմք տրամադրելու եւ հանդիպում կատարելու շրջանի երկիրներուն միջեւ», ըսած է Ահմատեան:

Ընդգծելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան եւ համագործակցութեան աշխուժացման, ինչպէս նաեւ երկկողմանի առեւտրական փոխանակումներու յաւելման անհրաժեշտութիւնը` ան յայտարարած է բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւններու մակարդակը բարձրացնելու Իրանի պատրաստակամութեան մասին:

Կը նշուի, որ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը իր կարգին մատնանշած է երկու երկիրներուն միջեւ վաղեմի յարաբերութիւնները եւ յայտարարած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու համակողմանի զարգացման Հայաստանի պատրաստակամութեան մասին:

Մատնանշելով Իսլամական Հանրապետութեան արդիւնաւէտ դերակատարութիւնը կովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ` Գրիգորեան կոչ ուղղած է այդ հարցին մէջ Իրանի դերակատարութիւնը շարունակելու:

Ան նաեւ կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, առեւտրական եւ արդիւնաբերական նախագիծերը, ինչպէս նաեւ անոնց շուտափոյթ իրականացումը:

 

Նախորդը

Փիթըրզ Ազրպէյճանին Անվտանգութեան Ոլորտին Մէջ Ամերիկեան Օգնութիւնը Արգիլող Օրինագիծ Ներկայացուցած Է Ծերակոյտին

Յաջորդը

Քենաանի. «Իրան Դէմ Է Միջազգային Սահմաններու Փոփոխութեան Եւ Արտաշրջանային Միջամտութեան»

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.