Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հանդիպում ունեցած է իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի 78-րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ:
Պայրամով գոհունակութիւն յայտնած է երկու երկիրներու տարբեր պատուիրակութիւններու վերջին հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած արդիւնքներուն վերաբերեալ:
Ան երկու երկիրներու տարբեր բարձրաստիճան պաշտօնատարներու վերջին հանդիպումներուն արդիւնքները գնահատած է կառուցողական ու խոստմնալից եւ պատրաստակամութիւն յայտնած երկու երկիրներուն միջեւ նոր կառուցողական քայլերու ձեռնարկելու:
Ապտոլլահեան նախապէս հանդիպում ունեցած էր այլ երկիրներու, ներառեալ Հայաստանի, Շուէտի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: