Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նախաձեռնութեամբ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Եւ Հայկական Բարեգործական Միութեան` 12 Ապրիլին Սոփրանօ Յասմիկ Պապեան Ելոյթ Կ՛Ունենայ Պէյրութի Մէջ` Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին Ընկերակցութեամբ (Խմբավար` Յարութ Ֆազլեան)

March 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 12 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, միջազգային սոփրանօ Յասմիկ Պապեան ելոյթ պիտի ունենայ Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ` ընկերակցութեամբ  Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին` մաեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի խմբավարութեամբ: Ձեռնարկը կ՛իրականանայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ հայկական բարեգործական Ընդհանուր միութեան գործակցութեամբ, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու:

«Հայ համայնքներու կարողականութիւնը  կը դրսեւորուի յատկապէս, երբ մեր լաւագոյն ուժերը ձեռք ձեռքի կու տան եւ կը կազմակերպեն բարձրորակ ձեռնարկներ, ինչպիսին է Յասմիկ Պապեանի յառաջիկայ համերգը», յայտնեց Յովիկ Քիւրքճեան եւ շարունակեց. «Իմ եւ տիկնոջս համար առանձնաշնորհում մըն է այս մակարդակի ձեռնարկ մը քաջալերելը` տրուած ըլլալով, որ անիկա վստահաբար պիտի առինքնէ լիբանանցի արուեստասէր հասարակութիւնը եւ յատկապէս հայ համայնքը»:

Իր կարգին, Պապեան մեծ խանդավառութեամբ արտայայտուեցաւ Պէյրութի մէջ ելոյթ ունենալու մասին: «Փորձառութեամբ գիտեմ, որ լիբանանցի հանդիսատեսները իսկապէս բացառիկ են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անոնք  պահանջկոտ եւ գիտակից են, առանձայատկութիւններ, որոնք ինծի համար ա՛լ աւելի կը խորացնեն կատարման հաճոյքը: Նկատի ունիմ, օրինակ` Պաալպեքի միջազգային փառատօնը, ուր պատիւը ունեցած եմ մենահամերգով ելոյթ ունենալու: Քանի՜ աշխարհահռչակ երգիչներ յայտնուած են այդ շքեղ բեմէն` քաջ գիտակցելով, որ իրենց արուեստը ատակօրէն կը գնահատուի լիբանանցի հանդիսատեսին կողմէ: Մէկ խօսքով, չափազանց ուրախ եմ Պէյրութի մէջ երգելու պատեհութեան համար»:

Պապեան աւելցուց, որ համերգի երգացանկը պիտի ներառէ իտալական յայտնի օփերաներէ վերցուած մեներգներ, ինչպէս նաեւ հայ դասական կտորներ:

Յասմիկ Պապեան ճանչցուած է իբրեւ աշխարհի առաջնակարգ սոփրանոներէն մին: Հայաստանի պետական օփերային հետ իր անդրանիկ ելոյթէն ետք, ան 1993-ին միացած է Պոնի օփերային (Գերմանիա)` այնուհետեւ իր կատարումներուն շնորհիւ միջազգային համբաւի արժանանալով: Անցեալ երկու տասնամեակներուն Պապեան երգած է աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր բեմերէն, որոնց շարքին` «Մեթրոփոլիթըն» օփերայէն, Լա Սքալայէն, «Քառնեկի» սրահէն, Սան Ֆրանսիսքոյի օփերայէն, Փարիզի «Կավօ» սրահէն, Լոնտոնի «Ուիկմոր» սրահէն, Վիեննայի պետական օփերայէն, Ցիւրիխի օփերայէն, ինչպէս եւ Միւնիխի, Շթութկարթի, Համպուրկի, Տրեզտենի եւ Պերլինի  օփերաներէն: Ան կատարած է Փլասիտօ Տոմինկոյի, Ռենաթօ Պրուսընի եւ բազմաթիւ այլ երգիչներու կողքին, եւ աշխատակցած խմբավարներ Ճէյմս Լեվինի, Ռիքարտօ Մութիի եւ ուրիշներու հետ:

Դրուատուած` հաւասարապէս իր ձայնային կարողութիւններուն, իւրայատուկ թեքնիքին եւ բեմական տպաւորիչ ներկայութեան համար: Պապեան ելոյթ ունեցած է Նորմայի, Տոն Ճիովաննիի, Ուիլիըմ Թելի, Լա Թրաւիաթայի, Այտայի, Թոսքայի եւ օփերայի բազմաթիւ այլ գլուխգործոցներու առաջնային դերերով:

Պապեան կատարած է նաեւ հայ մեծագոյն երաժշտահաններու, ներառեալ` Կոմիտաս Վարդապետի, Կանաչեանի, Չուխաճեանի եւ Մանսուրեանի գործերը: 2006-ին հրատարակուած է Պապեանի «Նուիրում Կոմիտասի» ձայնագրութիւնը` դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանի մասնակցութեամբ:

Միջազգային գնահատանքի կողքին, Պապեան ստացած է Հայաստանի ժողովրդային արուեստագէտի կոչումը, «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանը` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ, իբրեւ Հայաստանի մշակութային հիւպատոս իր արձանագրած նուաճումներուն համար, եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ:

12 ապրիլին համերգի հասոյթը պիտի յատկացուի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կրթամշակութային առաքելութեանց ու ծրագիրներուն:

Տոմսերը ապահովելու եւ յաւելեալ տեղեկութեան համար հեռաձայնել

ՀԲԸՄ-ի գրասենեակ 04-522842/3 եւ
Համազգայինի գրախանութ 01-241263/4:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Լիբանանահայ Թատրոնին Մասին Կլոր Սեղան Եւ Վարուժան Խտըշեանի Թարգմանած Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.