Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն մասին կատարուած հրատարակութիւնները լայն տեղեկութիւններ կը բովանդակեն անոնց պատմութեան, հայ կեանքին ու Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Անոնք անբաժան մասը կը կազմեն մեր հաւաքական յիշողութեան եւ, հետեւաբար, կարեւոր աղբիւր կը նկատուին հայոց ժամանակակից պատմութեան համար:
Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, այլ ծրագիրներու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշած է հրատարակել Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն նուիրուած յուշամատեաններու (պատմութիւն, հերոսամարտ, յուշագրութիւն, եւ այլն) շարքը: Սոյն շարքը պիտի ընդգրկէ Մալաթիա, Տարօն, Երզնկա, Սիս, Այնթապ, Սիվրիհիսար, Պոնտոս, Մուսա Լեռ, Էվերէկ, Կիւրին, Հարք-Խնուս, Բալու, Զէյթուն, Ուրֆա, Սեբաստիա, Հաճըն, Քիլիս, Եոզկաթ, Կարին, Արաբկիր, Ատանա, Մարաշ, Քեսապ, Հիւսէյնիկ, Խարբերդ, Չորք-Մարզպան, Շապին Գարահիսար, Կեսարիա, Թոմարզա, Պարտիզակ, Սասուն, Ամանոս, Էրզրում, Ամասիա, Սամսոն եւ այլ շրջաններ:
Այս առիթով, կ՛ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել հետեւեալ կէտերը.
1.- Յուշամատեաններու հրատարակութիւնը պիտի կատարուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի հսկողութեան ներքեւ եւ յատուկ յանձնախումբի մը օժանդակութեամբ:
2.- Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջաններուն մեծ մասը արդէն իսկ հրատարակուած յուշամատեաններ ունի: Ծրագրուած շարքին մէջ անոնք պիտի ներառուին` անհրաժեշտութեան պարագային ենթարկուելով լեզուական սրբագրութիւններու, ճշդումներու կամ յաւելումներու:
3.- Կարգ մը շրջաններու պարագային մէկէ աւելի յուշամատեաններ հրատարակուած են: Ներկայ շարքին մէջ նկատի պիտի առնուի միայն այն հատորը, որ աւելի ամբողջական է:
4.- Յուշամատեաններու շարքը պիտի ըլլայ միաձեւ` ծաւալով, չափով, թուղթի տեսակով եւ այլ մանրամասնութիւններով:
5.- Աւելի քան հարիւր յուշամատեաններ անցեալին հրատարակուած են փոքր տպաքանակով եւ ընդհանրապէս` սպառած: Թէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի եւ թէ՛ Կիլիկիոյ մէջ տակաւին կան շրջաններ, որոնք չունին յուշամատեաններ, եւ այդ շրջաններու պատմութիւնը ծանօթ չէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ներկայ ծրագիրին նպատակն է ո՛չ միայն ցարդ հրատարակուած յուշամատեանները վերահրատարակել, այլեւ անծանօթ մնացած շրջաններու պատմութիւնը ուսումնասիրել ու հրատարակել:
6.- Այս եզակի ծրագիրը պիտի իրագործուի մեծ տպաքանակով եւ յուշամատեաններու պատկառելի այս շարքը պիտի տրամադրուի Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր միութիւններուն, կրթական կառոյցներուն ու մատենադարաններուն:
7.- Ծրագիրը ի գործ պիտի դրուի անմիջապէս: Յիշեալ ծրագիրին գծով կրնաք կապ պահել կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանի հետ. [email protected] :
Կոչ կ՛ուղղենք մեր մտաւորականներուն ու պատմագէտներուն` պատրաստելու պատմութիւնը այն հայահոծ շրջաններուն, որոնց մասին ցարդ աշխատասիրութիւն չէ կատարուած:
Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր հայրենակցական միութիւններուն, հիմնադրամներուն, բարերարներուն ու մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն` ստանձնելու մեկենասութիւնը ծրագրուած շարքին պատկանող հատորի մը եւ կամ մէկէ աւելի հատորներու:


