ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Վարդան Գույումճեան եւ դուստրը` Կարինէ
Տէր եւ տիկին Սեւակ Գույումճեան
Տէր եւ տիկին Մհեր Գույումճեան
Տիկին Սուհայլա Գապաքեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Եսթեր Էսմերեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Գույումճեան եւ Գապաքեան ընտանիքներ
Գազանճեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
Այվազեան եւ Ժամալ ընտանիքներ
Պուլղուրճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին`
ԼՈՒՍԻՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2023-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 7 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2023-2024
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը պիտի բոլորէ 11-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Հայագիտական կեդրոնը այսուհետեւ պիտի ունենայ Ա., Բ., եւ Գ. դասարաններ:
- Դասաւանդութիւնները կը կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն, ժամը 5:00-7:30:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 21 օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսման վարձքը` ձրի:
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2023, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ.
– 1 լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. Պաքալորիայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
- Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001 թիւին:
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կ՛ուզէ՞ք ձեր զաւակները յաճախեն
քոլեճ մը, որ
1.- Ունի մանկամսուրէն ԺԲ. դասարան (SE, GS, LS)
2.- Ունի STEM ծրագիրը բոլոր դասարաններուն համար:
3.- Օտարահպատակներուն համար ունի «Օտար ծրագիր»:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ դիմագրաւող աշակերտներու համար ունի յատուկ ծրագիր:
5.- Լիբանանեան պետական պաքալորէայի 100 առ հարիւր յաջողութիւն:
6.- Կը ջամբէ բարձրորակ կրթութիւն` նուազագոյն սակերով:
7.- Ապահոված է պասերու յարմար սակացոյց:
8.- Օժտուած է solar system-ով:
9.- Ունի ընդարձակ եւ կանաչապատ դաշտեր:
Ուրեմն, անյապաղ դիմեցէ՛ք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Արձանագրութիւնները` 1 սեպտեմբերէն սկսեալ ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00:
ԾԱՆՕԹ.- 1.- Բողբոջ դասարանի կրթաթոշակը ձրի է 2023-2024 տարեշրջանին համար:
2.- Մանկամսուր կ՛ընդունուին 6 ամսականէն սկսեալ մանուկներ:
Տըպպայէ, հեռաձայն 01-542037