Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Մեծաշուք Տօնախմբութիւն` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն Ի Վիրապի Տօնին

March 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթիլիասի Ուխտի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար: Արդարեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապի տօնին, որ միաժամանակ Ուխտի օրն է Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին, վեհափառը  Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով կ՛օրհնէ ժողովուրդը, այն սրբազան Աջով, որ եղաւ պահապանը հայ ժողովուրդին` պատմութեան փոթորիկներուն մէջ:

Հոգեւոր նոյն խանդավառութեամբ այս տարի եւս նշուեցաւ Ուխտի օրը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ Մայր տաճարին` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ուխտի օրը կանխող շաբթուան ընթացքին կաթողիկոսարանի աւանդութեան համաձայն ամէն երեկոյ տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն. իսկ ուրբաթ երեկոյեան` նախատօնակ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապին: Շաբաթ գիշեր կատարուեցաւ կիրակի օրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը կանխող Հսկումի արարողութիւն, որուն ընթացքին վեհափառը ուխտաւոր ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելով խորհրդածութիւններ կատարեց մեծ սուրբին կեանքին ու առաքելութեան առնչուած կարգ մը յատկանշական երեւոյթներուն մասին` հրաւիրելով հայ ժողովուրդի զաւակները վերանորոգ հաւատարմութեամբ քալելու հաւատքի այն ճամբէն, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ բացաւ մեր ժողովուրդին առջեւ:

Կիրակի առաւօտեան տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` նախագահութեամբ վեհափառին: Օրուան պատարագիչն էր Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Պատարագիչ սրբազանը իր խօսքին իբրեւ բնաբան ընտրած էր` «Խոստովանող Քրիստոսի ճշմարիտ վկայ, բազմաչարչար նահատակ Տէր Գրիգորիոս. զպակասութիւն չարչարանաց Տեառն ի մարմնի քում կրեցեր, որով ցնծայ եկեղեցի ի փառս որդւոց Սիովնի»: Սրբազանը անդրադառնալով Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծութեան, բնորոշեց իր կենդանի նահատակ եւ խոստովանող ըլլալու իրողութիւնը. իբրեւ արդիւնք իր խոր հաւատքին, իր կեանքն ու գործը վերածեց ծառայական փառաբանանքի, հոգեւոր ուրախութեամբ իր ծառայութիւնը մատուցեց իր ժողովուրդին: Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` սրբազանը ըսաւ, որ այս Սուրբ աթոռը կը շարունակէ ծառայական իր առաքելութիւնը` հետեւողութեամբ բազմաչարչար հայրապետին: Արդարեւ, անթիլիասեան իր ութսուն տարիներու առաքելութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նուիրումով ծառայեց իր ժողովուրդին. Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր ժողովուրդին հիւղաշէն դպրոցներն ու եկեղեցիները վերածեց քարաշէն կառոյցներու եւ իր զաւակներու գիտակցութեան մէջ վառ պահեց քրիստոնէական իր հաւատքն ու ամբողջական հայրենիքին վերատիրանալու անժամանցելի իրաւունքը: Իր խօսքի աւարտին պատարագիչ սրբազանը կոչ ուղղեց ժողովուրդին վերանորոգուած ապրելու իր քրիստոնէական հաւատքը` միշտ հաւատարիմ լուսաւորչեան կտակին:

Պատարագէն անմիջապէս ետք խուռներամ բազմութեան մէջ աւանդական թափօրը սկսաւ վեհափառին գլխաւորութեամբ ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջն ի ձեռին: Հայ ժողովուրդի զաւակները, այր թէ կին, մեծ թէ փոքր, հաւատքի մղումով մօտեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին ու ստացան անոր օրհնութիւնը: Մեր Սուրբ աթոռին աւանդութեան համաձայն, նոյն օրը նաեւ դարեր շարունակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ պահպանուած այլ սուրբերու մասունքները եւս միաբան հայրերու ձեռին  մաս կազմեցին թափօրին:

Թափօրի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով, ապա վեհափառը Ս. Լուսաւորիչի Աջը ի ձեռին աղօթեց իր կողմէ խմբագրուած հետեւեալ բառերով.-

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քեզի կը դիմենք մենք` ուխտաւոր զաւակները Բարձրեալ Աստուծոյ մեծանուն ուխտաւորիչ, ո՜վ Գրիգոր սուրբ հայրապետ:

«Դուն, որ աւետարանական ճշմարտութիւններով սնած եւ Քրիստոսի սիրով բոցավառ ուխտեցիր հաւատարմութեամբ ծառայել Աստուծոյ Որդւոյն, ո՜վ երանելի սուրբ հովուապետ հայ ժողովուրդի:

«Դուն, որ Քրիստոսի երկնային քաղցրութիւնը ճաշակելով կեանքդ իբրեւ կենդանի պատարագ ընծայեցիր Անոր, ո՜վ սքանչելագործ վկայ Քրիստոսի:

«Քու ժայռեղէն հաւատքովդ պահէ՛ ու պահպանէ՛ մեր կեանքը, հայ ժողովուրդի հաւատքի առաքեալ, քանդէ՛ ու փշրէ՛ մեր շուրջը կանգնած մոլութիւններու ու մեղքերու պատուարը ու մեզ առաջնորդէ՛ երկնային շնորհներու ու առաքինութիւններու յաւերժահոս աղբիւրը:

«Հայոց աշխարհի Երկրորդ Լուսաւորիչ, եկո՛ւր եւ հաւատքի լոյսով վառէ՛ մեր մտքին, սրտին եւ հոգիին կանթեղը. «առաւել կեանք»-ով շաղախէ՛ մեր երկրաւոր կեանքը եւ երկնայինին յոյսով զօրացո՛ւր մեր յուսաբեկ սրտերը:

«Ո՜վ Լուսաւորիչ մեծ հայրապետ, Ս. Աջիդ հովանիին տակ օրհնէ՛ մեր ազգը ամբողջ` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Օրհնէ՛ մանաւանդ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդդ: Սրբէ՛ մեր մեղքերը, մաքրէ՛ մեր հոգեկան ու ֆիզիքական ախտերը. առողջութիւն շնորհէ՛ հիւանդներուն. լուսաւորէ՛ մեր կեանքի խաւար ճամբաները. երկնային բարիքներով ծաղկազարդէ՛ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մեր ընտանիքներուն եւ մեր մեծ ընտանիքին` քու պատուական ժողովուրդիդ կեանքը` ի պայծառութիւն Հայաստանեայց առաքելական եւ ուղղափառ սուրբ եկեղեցւոյ եւ յաւերժութիւն ազգիս հայոց. ամէն»:

Նոյն օրը, մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր սրբազան  Աջը մնաց Մայր խորանին վրայ եւ ուխտաւորները զայն համբուրելով ստացան մեծ սուրբին օրհնութիւնը:

Նախորդը

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Ընտրեց Քաղաքական Ու Կրօնական Ժողովները Եւ Հաշուեքննիչ Մարմինը

Յաջորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 973 26/03/2012-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.