ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
23 դեկտեմբերին Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարեց, որ Ֆրանսա պէտք է դադրի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ իր միջնորդութենէն: Այդ թուականէն ետք, Մինսքի խմբակի ձեւաչափը տկարացնելու, անոր կազմը «բարեփոխելու» ախորժակները թափ ստացան: Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա փետրուարի կԷսերուն յայտարարեց, որ «Մինսքի խմբակի ձեւաչափը փոխելու հարցը իրական է», ապա Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավար եւ անոր քոյր կազմակերպութեան` Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութիւններու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդարանական աշխատանքային խմբակը Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց` «Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու ուղղութեամբ աշխատանք տանելու»: Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը 27 փետրուարին իր գումարած նիստէն ետք յայտարարեց, որ միութիւնը պատրաստ է խաղաղութեան հաստատման համար քայլերու ձեռնարկելու գործին աշխուժ աջակցութիւն ցուցաբերելու: Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն նիստէն առաջ յայտարարեց, որ «Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման աջակցելու հարցին մէջ աւելի կարեւոր դեր խաղալ»:
Ի տես այս բոլորին, տողերուս հեղինակը յօդուածներով (30 դեկտեմբեր 2011-ին եւ 16 փետրուար 2012-ին), իսկ «Ազդակ» յատուկ խմբագրականով (10 յունուար 2012-ին) զգուշացուցին Մինսքի խմբակի անհպելի ձեւաչափը տկարացնելու ուրուագծուող մտահոգիչ այն ծրագիրէն, որ ներկայիս յայտարարութեանց հանգրուանէն դուրս գալով մուտք կը գործէ գործնականացման փուլ:
Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 22 մարտին մէկ ձայնի առաւելութեամբ որդեգրեց Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու առաջարկ մը: Այդ նիստէն կը բացակայէին Ֆրանսայի ներկայացուցիչները: Անոնց բացակայութիւնը հաւանաբար նշեալ անդրազգային կառոյցին մէջ դէմ կամ ձեռնպահ քուէարկելով «ազգայնական կեցուածք» դրսեւորելէ զգուշանալու քայլ մըն էր:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային առաջարկած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ խօսի, իսկ Մինսքի խմբակի համանախագահները` Հայաստանի հետ: Այլ խօսքով` Էրտողան կ՛ուզէ, որ Թուրքիա ոչ միայն մասնակից դառնայ տագնապի լուծման, այլեւ առանձինը երեք երկիրներէ կազմուած խմբակին կողքին եւ անոր համահաւասար միջնորդ դասուի: Այդ մէկը Մինսքի խմբակի քաղաքական ազդեցութեան ու կշիռի տկարացում եւ Թուրքիոյ ազդեցութեան անհամեմատ զօրացում կը նշանակէ:
Եթէ Էրտողանի կեցուածքը թրքական երազի եւ դժգոհութեան արտայայտութիւն մըն է, ապա Եւրոպական Միութեան մէջ ընթացք առած հոլովոյթը աւելի շօշափելի եւ մտահոգիչ զարգացում մըն է:


