Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիխթընշթայնի Իշխանը Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Այլ Անձնաւորութիւններու Ընկերակցութեամբ Գլխաւորելու Դէպի Արցախ Մարդասիրական Օդային Օգնութիւնը

August 30, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան իր դիմատետրեան էջին վրայ գրած է. «Մարդասիրական օդային միջանցքի մասին լաւ լուրեր ունինք»: Ան յայտնած է, որ մարդասիրական ոլորտի զուիցերիական «Իմփաքթ Ինվեսթինկ Սըլուշընզ» ընկերութիւնը իր կայքին վրայ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի.

«Նորին վսեմութիւն Լիխթընշթայնի իշխան Միխայէլը պատրաստակամութիւն յայտնած է գլխաւորելու մարդասիրական օդային օգնութիւնը դէպի շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղ (Արցախ) եւ գտնուելու այն օդանաւին մէջ, որ պիտի թռչի շրջան` հասցնելու այդքան անհրաժեշտ սնունդն ու դեղորայքը` կազմակերպուած «Ազնաւուր» հիմնադրամին կողմէ: Ըստ այս մարդասիրական առաքելութեան մեր գործընկերներէն մէկուն` զուիցերիական «Իմփաքթ Ինվեսթինկ Սըլուշընզ» ընկերութեան` «նորին վսեմութիւն Լիխթընշթայնի արքայազն Միխայէլի հետ միասին աշխարհի այլ պետութիւններու ներկայ եւ նախկին ղեկավարներ եւս պատրաստ են կենսական անհրաժեշտութեան ապրանքներ օդային կամուրջով հասցնելու Լեռնային Ղարաբաղ, ուր 120 հազար մարդ, ներառեալ 30 հազար երեխայ, արդէն ութ ամիսէ աւելի է, որ զրկուած է սնունդէ եւ դեղորայքէ»:

Դէպի Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական օդային օգնութիւն կազմակերպելու կոչը առաջին անգամ հնչած է 2022 թուականի դեկտեմբերին համաշխարհային մարդասիրական ղեկավարներու կողմէ, որոնց շարքին էին` խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Լէյման Կպոուն, Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ առողջապահութեան նախկին նախարար Պեռնար Քուշները, կլիմայի եւ հաւասարութեան քարոզիչ, «Եունիլեսըր»-ի նախկին գործադիր տնօրէն Փոլ Փոլմընը, Իրլանտայի նախկին նախարար Մերի Ռապինսընը, Մեքսիքայի նախկին նախագահ Էռնեսթօ Սետիլիոն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ իրաւապաշտպաններ եւ խաղաղութեան գործիչներ:

Այսպիսով, կը կազմակերպուի միջազգային մարդասիրական օդային մատակարարում, որ սննդամթերք եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ կը հասցնէ տեղւոյն բնակչութեան եւ դուրս կը բերէ ծանր հիւանդները: Վերջիններու շարքին են Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոնի քանի մը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներ, որոնց փրկութեան համար կը պահանջուի անյետաձգելի բժշկական օգնութիւն, որ, սակայն, կարելի չէ պատշաճ կերպով մատուցել շրջափակման պատճառով:

Միեւնոյն ժամանակ, քանի տակաւին ճամբան կը շարունակէ փակուած մնալ, մարդասիրական օդային կամուրջը պէտք է օգնէ տեղւոյն բնակչութեան` գոյատեւելու եւ դիմակայելու: Ստեփանակերտի օդակայանը կրնայ շահագործուիլ այս նպատակով: Ասիկա որեւէ լրացուցիչ ջանք պիտի չպահանջէ միջազգային ընտանիքէն, բացառութեամբ` ապահովելու օդային մատակարարումներն ու օդային կամուրջի անվտանգութիւնը:

Պարէնի համաշխարհային ծրագիրն ու Կարմիր խաչին կոչ ուղղուած է յառաջիկայ օրերուն կազմակերպելու թռիչքը, եւ Լիխթընշթայնի իշխան Միխայէլը պատրաստ է գլխաւորելու առաջին մարդասիրական առաքելութիւնը:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահն Ու Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Քննարկած Են Արցախի Հարցը

Յաջորդը

Մաքրոն-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.