Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի գնահատումով, Պաքուն Արցախի հայերուն նկատմամբ խեղդամահութեան ռազմավարութիւն կը կիրարկէ, որպէսզի անոնց ստիպէ զանգուածաբար արտագաղթել: Այս մասին ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարած է արտերկրի մէջ Ֆրանսայի դեսպաններու տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
«Մենք զօրակոչի կ՛ենթարկուինք այնպէս, որ պայմաններ ստեղծենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ արդար եւ կայուն խաղաղութեան համար, սահմանազատուին երկու երկիրներուն միջեւ սահմանները, եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին այնտեղ ապրելու կարելիութիւն առաջարկուի` ապահովելով անոնց իրաւունքները, մշակոյթը եւ պատմութիւնը», յայտարարած է Քոլոնա:
Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու զանգուածային արտագաղթ հրահրելուն ուղղուած խեղդամահութեան ռազմավարութիւնը անօրինական է եւ, ինչպէս արդարադատութեան միջազգային դատարանը վճռած է, անիկա նաեւ անբարոյ է:


