Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա. «Հայաստանը Ռուսիոյ Ամէնէն Մօտիկ Դաշնակիցներէն Է, Հարաւային Կովկասի Մէջ Ռազմավարական Գործընկերը»

August 30, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը Ռուսիոյ ամէնէն մօտիկ դաշնակիցներէն է, Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմավարական գործընկերը: Այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ նուիրուած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ 1997 թուականին ստորագրուած Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան պայմանագիրի տարեդարձին:

«Այս փաստաթուղթը ազդանշանը տուաւ մեր երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու ժամանակակից փուլի սկիզբին:

«Մասնաւորաբար, Ռուսիան եւ Հայաստանը համաձայնած են ամէն ձեւով ամրապնդել աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ համակողմանի համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, ռազմական, գիտական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ: Մեր երկիրները նաեւ պարտաւորուած են համագործակցիլ կայունութեան եւ անվտանգութեան բարելաւման ուղղութեամբ թէ՛ Անդրկովկասի շրջանին մէջ, թէ՛ ալ ամբողջ աշխարհի վրայ:

«Համաձայնագիրներու ստորագրութիւնը պայմաններ ստեղծեց ռուս-հայկական քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնման, երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման համար առեւտրատնտեսական, գիտական, թեքնիք, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ: Հետագային մեր յարաբերութիւններու իրաւական ենթահողը ընդլայնուած է մինչեւ 200 փաստաթուղթ, համակարգուած աշխատանք կը տարուի անոնց գոյքագրման ուղղութեամբ:

«Ներկայ փուլին ռուս-հայկական յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ 1997 թուականի համաձայնագիրով ամրագրուած սկզբունքներով, ներառեալ պետական գերիշխանութեան եւ անկախութեան փոխադարձ յարգանքը, իրաւահաւասարութիւնը եւ իրարու ներքին գործերուն չմիջամտելը, ուժի կամ սպառնալիքի չկիրարկումը: Հայաստանը այսօր Ռուսիոյ ամէնէն մօտիկ դաշնակիցներէն է, Հարաւային Կովկասի մէջ մեր երկրի ռազմավարական գործընկերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Փարիզի Քաղաքապետ Ան Իտալկոն Պիտի Այցելէ Բերձորի Միջանցք

Յաջորդը

Հաճիզատէ. «Ֆրանսայի Նախագահին Կողմէ Ճնշումներու Լեզուով Խօսիլը Անընդունելի Է»

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.