Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Տագնապին Լուծումը Կարելի Պիտի Ըլլայ Միայն Միջսուրիական Երկխօսութեամբ

March 27, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան «Պիլատ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ շարք մը իրադարձութիւններու, որոնց շրջագիծին մէջ` սուրիական-հայկական պատմական յարաբերութիւններուն, Օսմանեան կայսրութեան գործած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապին եւ անոր լուծման հեռանկարներուն մասին:

Անդրադառնալով Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն` Արշակ Փոլատեան յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները պատմական են եւ կ՛երթան մինչեւ Է. դար (Յ. Ք.):

Ա. Փոլատեան նկատել տուաւ, որ հայ եւ արաբ ժողովուրդները 4 դարեր շարունակ տանջուած են Օսմանեան կայսրութեան եւ յատկապէս Ապտիւլ Համիտ Բ.ի եւ Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութեան բռնութիւններուն, հալածանքին եւ ոճիրներուն պատճառով:

Հայ դատին մասին խօսելով` Հայաստանի դեսպանը շեշտեց, որ Թուրքիոյ համար անիկա շատ վտանգաւոր է, նկատի ունենալով հայութեան հողային պահանջները:

Ա. Փոլատեան նկատել տուաւ, որ Օսմանեան կայսրութիւնն ու օսմանցի թուրքերը 1893-ին արդէն իսկ սկսած են հայոց դէմ սպանդները, որոնք շարունակուած են մինչեւ 1909 եւ 1915-ին հասած են իրենց գագաթնակէտին, երբ մէկուկէս միլիոն հայու դէմ գործուած է Մեծ եղեռնը, որ` «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է», ըսաւ ան:

Ա. Փոլատեան աւելցուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան կողքին, Օսմանեան կայսրութեան ի գործ դրած բռնագաղթը պատճառ դարձաւ, որ մեծ թիւով հայեր հասնին Սուրիոյ անապատները եւ ապա Սուրիոյ եւ արաբական տարբեր երկիրներու մէջ ապաստանին` համարկուելով արաբ ժողովուրդին հետ:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը, անոր պատճառներն ու հետեւանքները առաւելագոյն չափով արաբական գիտական շրջանակներուն ուշադրութեան կ՛արժանանան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ հաստատուելէ ետք, հայերը հաւատարիմ մնացած են այդ երկիրներուն պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ` իրենց արաբ եղբայրներուն: «Սուրիոյ մէջ, օրինակ, հայերը իրենց մասնակցութիւնը բերած են ֆրանսական տիրապետութեան դէմ 1925-ի սուրիական յեղափոխութեան, ղեկավարութեամբ Սուլթան Պաշա Աթրաշի, ինչպէս նաեւ մասնակցած են 1943-ին Լիբանանի անկախացման շարժումին եւ Ալեքսանտրեթի մէջ թուրքերուն ու ֆրանսացիներուն դէմ մղուած կռիւներուն` ի խնդիր 1945-ի Սուրիոյ անկախութեան», նշեց Ա. Փոլատեան:

Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` Ա. Փոլատեան յայտնեց, որ 1991-ին Հայաստանի անկախացումէն տարի մը ետք` 1992-ին Հայաստան Դամասկոսի մէջ ունեցաւ իր դեսպանատունը, իսկ 1993-ին Հալէպի մէջ հաստատուեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանը: Աւելի ուշ` 2010-ին, Հայաստանի հիւպատոսարան մը եւս հիմնուեցաւ Տէր Զօրի մէջ: Իսկ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը հինմուեցաւ 1997-ին: Այս բոլորը յստակ ցուցանիշներ են, թէ երկու երկիրներն ալ կը փափաքին բոլոր մարզերուն մէջ իրենց յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Ան նշեց նաեւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած են նաեւ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագրեր, որոնք կը վերաբերին գրեթէ բոլոր մարզերուն: «Հարկ է նշել, որ արդարութեան, ներքին հարցերու, բարձրագոյն ուսման, գիտական հետազօտութիւններու, ճարտարարուեստի, ելեկտրականութեան, մարմնամարզի եւ ուժանիւթի նոր աղբիւրներու մարզերուն պարագային, երկու երկիրներուն միջեւ կայ աշխուժ գործակցութիւն, որ հիմնուած է Երեւանի ու Դամասկոսի միջեւ ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրին վրայ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Սուրիոյ դիմագրաւած ներկայ տագնապին մասին հարցումի մը` Ա. Փոլատեան յայտնեց, որ այս հանգրուանին Սուրիա իր արդի պատմութեան մէջ կը դիմագրաւէ ծանր ու վտանգաւոր տագնապ մը: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ զոհուած բոլոր նահատակներուն հարազատներուն եւ անոնց մաղթեց համբերութիւն եւ մխիթարութիւն, հաստատելով, որ Հայաստան կը հետեւի Սուրիան հարուածող այս տագնապի մանրամասնութիւններուն եւ խստիւ կը դատապարտէ ահաբեկչական բոլոր արարքները, որոնք սուրիական ազգային միասնականութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան կը սպառնան:

«Սուրիոյ տագնապը ներքին սուրիական հարց մըն է, որուն միակ լուծումը միջսուրիական երկխօսութիւնն է: Հարկ է, որ Սուրիոյ քաղաքական բոլոր ուժերը երկխօսութիւն մը կատարեն եւ երկրին տագնապին լուծում մը գտնեն», հաստատեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ակնարկելով` Ա. Փոլատեան շեշտեց, որ այդ յարաբերութիւնները խզուած են երկուքին միջեւ պատմական ու քաղաքական պատճառներով, աւելցնելով, որ 2008-ին արձանագրուած ֆութպոլային դիւանագիտութենէն ետք, 2009-ին Ցիւրիխի մէջ կարելի եղած է ստորագրել հայ-թրքական արձանագրութիւններ, որոնք սակայն չեն վաւերացուած Թուրքիոյ կողմէ: Ընդհակառակն, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապայմաններ դրած է, ինչպէս` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ի նպաստ Ազրպէյճանին լուծել եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու ջանքերը կասեցնել:

«Անշուշտ Հայաստան կը մերժէ թրքական այդ նախապայմանները եւ հակառակ իր դիմագրաւծ տնտեսական դժուարութիւններուն` ստորագրուած արձանագրութիւնները սառեցուած կը պահէ, մինչեւ որ Թուրքիա ըմբռնէ եւ պատրաստակամութիւն յայտնէ առանց նախապայմանի երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններ հաստատելու», եզրափակեց Ա. Փոլատեան:

Նախորդը

«Յուսահատութենէ Եւ Չքաւորութենէ Դէպի Ինքնաբաւութիւն Եւ Յոյս»

Յաջորդը

Մանսուր. «Լիբանան Ինքզինք Զանց Պիտի Կացուցէ Որեւէ Որոշումէ, Որ Կրնայ Վնասել Սուրիոյ»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.