Ուրբաթ, 11 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի արուեստ ամառնային ծրագիր 3»-ի հանդէսը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդէսին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան: Ան նկատել տուաւ, որ Համազգայինի ամառնային դպրոցի ծրագիրը կը տարբերի միւս դպրոցներէն, որովհետեւ զուտ մշակութային դպրոց է` արուեստ ջամբող, արուեստ ներկայացնող: Դասացուցակը կը պարունակէր` ձեռային աշխատանք, հիւսք, մոզայիք, մոմ, երգ, պար, թատրոն, գծագրութիւն, կաւ, դաստիարակչական խաղեր, դասախօսութիւններ: Հարպոյեան նկատել տուաւ, որ ծրագիրը կը ներառէր երաժշտական գործիքի ծանօթացում, անդրադառնալ խմբային աշխատանքի անհրաժեշտութեան, իրարու գաղափարները յարգելը, իրարու տեսակէտները ընդունիլը, փոխադարձ յարգանքը, ինչպէս նաեւ` մշակոյթի եւ արուեստի ծանօթացնող այցելութիւններ եւ պտոյտներ: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ ունէր նկարագիր մը, բնաւորութիւն մը, ինչպէս` ընկերասիրութիւն, օգտակարութիւն, իրերօգնութիւն, որոնք յայտնաբերուած են, աւելցնելով, որ աշակերտները տարբեր մտերմիկ մօտեցում ունէին իրարու հանդէպ: Իր խօսքի աւարտին Հարպոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան, բարերարներուն, նաեւ` ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան ամառնային դպրոցին:
Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մակի Պօղոսեան ըսաւ, որ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` ամառնային դպրոցը յաջող ընթացք ունեցաւ, եւ որուն գլխաւոր նպատակն էր հայ մանուկը մօտեցնել արուեստին եւ իր կարողութիւնները բացայայտել եւ զարգացնել զանազան գործունէութիւններու ընդմէջէն: Պօղոսեան նաեւ յայտնեց, որ աշակերտները ունեցան արտադասարանային դաստիարակչական պտոյտներ, դասախօսութիւններ, պատմութիւններ եւ սորվեցան իրենց ժամանակը օգտագործել արդիւնաւէտ: Աւարտին ան շնորհակալական խօսք ուղղեց դպրոցի բոլոր պատասխանատուներուն եւ բարերարներուն, որոնց նուիրեալ աշխատանքով կարելի եղաւ յաջողցնել ծրագիրը, ինչպէս նաեւ ծնողներուն` իրենց վստահութեան համար:
Գեղարուեստական յայտագրով աշակերտները ներկայացուցին «Եարխուշտա» եւ «Արտաշատ» պարերը, նաեւ երգեցին «Գիւմրի», «Հայոց աշխարհ» եւ «Կատակ երգ» երգերը: Նուագով ելոյթ ունեցան Նայիրի Առնէլեան` տուտուկ, Նժդեհ Մկրտիչեան` տհոլ եւ Ծիլա Թորոսեան` տրամզ:
Յայտնենք, որ հանդէսին զուգահեռ, սրահի մուտքին ցուցահանդէսով մը ներկայացուած էին աշակերտներուն բոլոր գործերը: