Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի նախօրեակին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, պատասխանելով ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան հարցումին, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դարձեալ կոչ ուղղած է բանալու Բերձորի միջանցքը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւնը»:
«Մենք խորապէս մտահոգ կը մնանք Լաչինի միջանցքը շարունակական փակ մնալու վերաբերեալ, յատկապէս որ անիկա փակ է առեւտրական, մարդասիրական եւ սեփական մեքենաներու համար: Մարդասիարկան երթեւեկի դադրեցումը, մեր կարծիքով, կը վատթարացնէ մարդասիրական կացութիւնը եւ կը խարխլէ խաղաղութեան հոլովոյթի մէջ վստահութիւն կառուցելու համար գործադրուող ջանքերը: Մենք Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք վերականգնելու առեւտրական, մարդասիրական եւ սեփական մեքենաներու այդ միջանցքով ազատ երթեւեկը», ըսած է Փաթել` նշելով, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը չորեքշաբթի օր Ղարաբաղի հարցով նիստ պիտի գումարէ, եւ կ՛ակնկալեն, որ այնտեղ քննարկումները պիտի շարունակուին:
Փաթել խուսափած է պատասխանել, թէ Միացեալ Նահանգները այդ հարցին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի մէջ ինչ դիրքորոշում ունի` ըսելով, թէ չի պատրաստուիր հանդիպումը կանխել:
«Սակայն մենք հետեւողականօրէն ընդգծած ենք եւ կրկնած, որ ուղիղ երկխօսութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի լուծելու այդ երկարատեւ հակամարտութիւնը, եւ մենք կը կարծենք` որեւէ ներգրաւուածութիւն, որ ի վերջոյ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդին, լաւ բան պիտի ըլլայ եւ դրական քայլ դէպի յառաջ», ըսած է Վետանթ Փաթել:


