Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը` Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Կապրիէլ Կրավինայի հետ տարակարծութիւններ ունենալու պատճառով:
Նշուեցաւ, որ 58 տարեկան մարզիչը դժգոհ էր, որ կարելիութիւն չէ ունեցած աշխատելու իր օգնականներուն հետ, որոնց ինք ընտրած էր:
Իտալական մարզական մամուլը հաղորդեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը շուտով պիտի յայտարարէ նոր մարզիչին անունը: