Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի 31 տարեկան յառաջապահ Նէյմար շատ հաւանաբար, տեղափոխուի Հիլալ (Սէուտական Արաբիա)` նկատի ունենալով որ արաբական ակումբը մեծ աշխատանք կը տանի այս ուղղութեամբ:
Նշուեցաւ, որ ֆրանսական ակումբը ոչ մէկ արգելք ունի անոր հեռացման գծով:
2017-ին, փոխան 222 միլիոն եւրոյի, Պարսելոնայէն Փարիզ Սէն Ժերմէնի միացած Նէյմար, մայրաքաղաքի կազմին հետ 173 մրցումի ընթացքին նշանակեց 118 կոլ եւ կատարեց` 77 էսիսթ: