Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 2023-2024 տարեշրջանը, երբ Ա. հանգրուանի բացման մրցումին Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան` Մանչեսթըր Սիթի հիւրը եղաւ Պըրնլիին:
Մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը` Սիթի, տարեշրջանին սկսաւ 3-0 արդիւնքով յաղթանակով մը:
Տարեշրջանի առաջին կոլը նշանակեց նորվեկիացի 22 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ` 4-րդ վայրկեանին:
36-րդ վայրկեանին ան արդէն իսկ տուպլէ մը իրագործած էր:


