ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն շնորհակալութիւն կը յայտնէ Արագածի շրջանի նախկին բնակիչի մը, որ իր աջակցութիւնը բերաւ կոմիտէութեան ծրագիրներուն յաջողութեան:
ՀՅԴ «ԴՐՕ» ԿՈՄԻՏԷ
—————————————
ՀՅԴ «ԴՐՕ» ԿՈՄԻՏԷ
ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն Արագած շրջանի բնակիչներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ 2023-2024 կրթական տարեշրջանին համար հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներուն գրենական յատկացում պիտի կատարուի:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Արագածի ժողովրդային տուն` հետեւեալ թուականներուն` 14, 17, 21, 24, 28 եւ 31 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ ժամը 8:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Ռիթա Քէլէշեան եւ զաւակները` Եղիա եւ Սէրին-Բալիկ
Տէր եւ տիկին Նժդեհ եւ Անի Քէլէշեան եւ դուստրը` Արեւ-Վարդուհի
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարալ Յովհաննէսեան եւ զաւակները` Մեսրոպ-Իշխան, Շողակ-Կասլա եւ Հրակ-Կորիւն
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Սիրան Վեզիրեան եւ զաւակները` Լիլա, Արին, Լարի, Քրիստ եւ Նայիրի
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Արազ Քէլէշեան եւ դստերք` Այլին եւ Ռիթա
Տիկին Իսկուհի Յովհաննէսեան
Տիկին Վարդուհի Գորուքլեան
Քէլէշեան եւ Յովհաննէսեան ընտանիքներ
Վեզիրեան եւ Ֆարահ ընտանիքներ
Գաւուքճեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Խաժօ եւ Մաթէեան ընտանիքներ
Այվազեան եւ Շէօհմելեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Մահսերէճեան ընտանիքներ
Գաթրճեան եւ Ապտոյեան ընտանիքներ
Մարզումանեան եւ Ռուսեալեան ընտանիքներ
Հանտեան եւ Պուճիքեան ընտանիքներ
Պոզիկեան եւ Պույտուզեան ընտանիքներ
Իշխանեան եւ Տէյիրմէնճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, կեսուրին, զոքանչին, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԺՆԵՒ ՔԷԼԷՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱԹԷԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին, Տալլասի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 12 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի Ժտէյտի «Անի» մասնաճիւղին:
—————————————
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Հոգեկան գոհունակութեամբ այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Ս. Աստուածածին վանքի Ուխտի օրը եւ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը պիտի նշուին շաբաթ, 12 օգոստոս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ:
Ուխտի Ս. պատարագին պիտի նախագահէ, մատաղօրհնէք կատարէ եւ հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
(Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Թեմի)
ԾԱՆՕԹ.- Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 6:00-ին` հետեւեալ վայրերէն.
- Անթիլիասի մայրավանք
- Զալքա (Թիքօ Թիքօ)
- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
- Խալիլ Պատաուի եւ Հաճըն (Օլիմփիք)
- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
- Ս. Ագնէս վարժարան
- Ազգային ծերանոց
- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
- Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)
- Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ (Ռաուտա)
- Ս. Յակոբ (Էշրեֆիէ)
***
ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023
Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի խաղողօրհնէք:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
***
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023
(ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԾԱԳՈՒՄՆ ԵՒ ԸՆԹԱՑՔ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ Ի ՀԱՅՍ»
ՎԵՐ. ՍՏԵՓԱՆ Խ. ԻՒԹԻՒՃԵԱՆ
ու
ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԻ
Հեղինակ` ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ
Տպարան` Design Kesdenian
Պէյրութ, 2022
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Լենա Եարտըմեանի յիշատակին հետեւեալ նուիրատուութիւնները կատարուած են Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին
– Տէր եւ տիկին Կարօ Գասարճեան 200$
– Տէր եւ տիկին Վազգէն Գասարճեան 200$
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ