Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անան Մոսկուա Եւ Փեքին Պիտի Այցելէ

March 24, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քոֆի Անան

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի բանբեր մը յայտնեց, որ ան շաբաթավերջին Մոսկուա եւ Փեքին պիտի այցելէ` ռուս եւ չինացի պաշտօնատարներու հետ սուրիական տագնապը քննարկելու համար:

Բանբերը յայտնեց, որ շաբաթասկիզբին Անանի կողմէ Սուրիա ուղարկուած պատուիրակութիւնը սուրիական իշխանութիւններուն հետ «եռօրեայ աշխուժ քննարկումներէ» ետք վերադարձած է` աւելցնելով, որ «սուրիական իշխանութիւնները մեզի պատասխաններ տուին եւ այժմ զգուշութեամբ պիտի սերտենք զանոնք», սակայն Քոֆի Անան «տակաւին Դամասկոս նոր այցելութիւն մը կատարել չէ որոշած» եւ «բանակցութիւնները հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կը շարունակուին»:

Բանբերը նշեց, որ գետնի վրայ կացութիւնը վտանգաւոր է եւ իւրաքանչիւր վայրկեան վճռորոշ է, ուստի «(բանակցութիւններուն մէջ) արագ յառաջընթաց պէտք է արձանագրենք»` նշելով, որ «բանակցութիւնները զգայուն կէտի մը հասան, եւ Անան մտադիր չէ հրապարակաւ անոնց մասին խօսիլ»:

Անանի մէկ այլ բանբերը` Ահմետ Ֆաուզի իր կարգին յայտնեց, որ Անան «մտադիր է կիրակի օր Մոսկուա այցելել»: Ան նշեց, որ Անան արաբական եւ ոչ արաբական շարք մը այլ մայրաքաղաքներ ալ պիտի այցելէ, սակայն այդ այցելութիւններուն ժամկէտերը տակաւին չեն ճշդուած:

Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ խորհրդաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ պէտք չէ այլ երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտել սպառնալ եւ այդ մէկը միջազգային օրէնքի կապտում մըն է: Ան այդ մէկը «շատ վտանգաւոր» եւ «անընդունելի ընթացք» նկատեց:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ նշեց, որ Իրան «կը զօրակցի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որեւէ բանաձեւի, որ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը չի խախտեր»: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը դրականօրէն կ՛ընկալէ այն բանաձեւը, որ սուրիացի ժողովուրդի պահանջները, Ասատի յայտարարած բարեփոխումները, Սուրիոյ մէջ ապահովութեան ու կայունութեան հաստատումը կը բովանդակէ եւ ազգային երկխօսութեան ճամբան կը հարթէ:

Ան շեշտեց, որ «Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութեան դարմանման համար պէտք է քաղաքական ընտրանքը որդեգրել եւ զգուշանալ որեւէ աճապարանքէ կամ միջոցառումէ, որ այդ երկրին ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութիւն կը պարունակէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ աւելի «նախաձեռնող» պէտք է ըլլայ: Ան շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը պէտք չէ ճնշումը շարունակելու համար Սուրիոյ տրամադրուած նոր ժամանակամիջոց մը ըլլայ: «Պէտք է արագ կերպով շարժինք եւ սուրիական վարչակարգին յաւելեալ քաղաքայիններ սպաննելու յաւելեալ ժամանակ չտրամադրենք», ըսաւ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը:

Ֆրանսական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի տնօրէն Փաթրիս Փաոլի վերջերս Թուրքիա այցելած է` թրքական կողմին հետ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին շուրջ պատրաստութիւն եւ համակարգում կատարելու համար: Դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ օրաթերթը տեղեակ պահեցին, որ թրքական կողմը սուրիական հարցով եւ 1 ապրիլին Պոլսոյ մէջ նախատեսուած խորհրդաժողովին շուրջ Ֆրանսայի հետ գործակցելու փափաք յայտնած է: Աղբիւրները կը նշեն, որ Թուրքիա Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին մէջ միասնականութիւն ստեղծելու համար մեծ ջանքեր թափելու հարցը կ՛ուսումնասիրէ:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութիւնը երէկ որոշեց Սուրիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատել: Նոր ցուցակին մէջ ընդգրկուած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կինը, մայրը եւ ազգականները:

Միացեալ Նահանգներ Եւրոպական Միութեան հաստատած պատժամիջոցները «շատ լաւ քայլ» մը նկատեցին:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Սկսաւ Ներկայացնել Մարսել Փանիոլի «Փառքի Վաշխառուները» Թատերախաղը

Յաջորդը

Շարպել Եւ Զօր. Ռիֆի Այսօր Կ՛Այցելեն Ռումիէ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։