ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին փրոֆ. Թենի Փիրրի Սիմոնեան (Զուիցերիա)
Տիար Նարեկ Փիրրի (Զուիցերիա)
Անժելա Քոփփոլա Փիրրի եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Մարօ Սիմոնեան (Անգլիա)
Օրիորդ Ժենա Սիմոնեան (Անգլիա)
Տիկին Հուրի Սիմոնեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիար Սեւան Սիմոնեան (Աւստրալիա)
Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան եւ իր զաւակը (Միացեալ Նահանգներ)
Փիրրի եւ Սիմոնեան ընտանիքներ
Քոփփոլա եւ Մասթրոճիաքոմօ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին`
ՓՐՈՖ. ՃՕՆ ՃՈԶԷՖ ՓԻՐՐԻԻ
(1936-2023)
մահը, որ պատահեցաւ Զուիցերիոյ մէջ, կիրակի, 6 օգոստոս 2023-ի առաւօտեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Նիոնի (Զուիցերիա) մայր եկեղեցւոյ մէջ (հայ եկեղեցւոյ ծէսով), երեքշաբթի, 15 օգոստոս 2023-ի կէսօրէ ետք 1:00-ին:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել «Թռչնոց Բոյն»-ին (Լիբանան):
Հանգուցեալի ընտանիքին ձեր ցաւակցութիւնները կրնաք փոխանցել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին.- [email protected]
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Ռիթա Քէլէշեան եւ զաւակները` Եղիա եւ Սէրին-Բալիկ
Տէր եւ տիկին Նժդեհ եւ Անի Քէլէշեան եւ դուստրը` Արեւ-Վարդուհի
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարալ Յովհաննէսեան եւ զաւակները` Մեսրոպ-Իշխան, Շողակ-Կասլա եւ Հրակ-Կորիւն
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Սիրան Վեզիրեան եւ զաւակները` Լիլա, Արին, Լարի, Քրիստ եւ Նայիրի
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Արազ Քէլէշեան եւ դստերք` Այլին եւ Ռիթա
Տիկին Իսկուհի Յովհաննէսեան
Տիկին Վարդուհի Գորուքլեան
Քէլէշեան եւ Յովհաննէսեան ընտանիքներ
Վեզիրեան եւ Ֆարահ ընտանիքներ
Գաւուքճեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Խաժօ եւ Մաթէեան ընտանիքներ
Այվազեան եւ Շէօհմելեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Մահսերէճեան ընտանիքներ
Գաթրճեան եւ Ապտոյեան ընտանիքներ
Մարզումանեան եւ Ռուսեալեան ընտանիքներ
Հանտեան եւ Պուճիքեան ընտանիքներ
Պոզիկեան եւ Պույտուզեան ընտանիքներ
Իշխանեան եւ Տէյիրմէնճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, կեսուրին, զոքանչին, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԺՆԵՒ ՔԷԼԷՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱԹԷԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին, Տալլասի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 12 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ԼՕԽ-ի Ժտէյտի «Անի» մասնաճիւղին:
—————————————
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Հոգեկան գոհունակութեամբ այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Ս. Աստուածածին վանքի Ուխտի օրը եւ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը պիտի նշուին շաբաթ, 12 օգոստոս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ:
Ուխտի Ս. պատարագին պիտի նախագահէ, մատաղօրհնէք կատարէ եւ հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
(Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի Եւ Շրջակայից Թեմի)
ԾԱՆՕԹ.- Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 6:00-ին` հետեւեալ վայրերէն.
- Անթիլիասի մայրավանք
- Զալքա (Թիքօ Թիքօ)
- Ս. Աստուածածին եկեղեցի
- Խալիլ Պատաուի եւ Հաճըն (Օլիմփիք)
- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
- Ս. Ագնէս վարժարան
- Ազգային ծերանոց
- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
- Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)
- Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ (Ռաուտա)
- Ս. Յակոբ (Էշրեֆիէ)
***
ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023
Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի խաղողօրհնէք:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
***
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023
(ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՇԱԲԱԹ
(ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ` ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ)
Հովանաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 7-11 օգոստոս 2023-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի հոգեւոր խորհրդածութիւն: Իւրաքանչիւր Ս. պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ օրհնութեան կարգ:
Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
1) Անթիլիասի մայրավանքին եւ Զալքա «Թիքօ-Թիքօ»-ին դիմաց
2) Պուրճ Համուտի հրապարակ
3) Սրբուհի Ագնէս վարժարան
4) Ազգային Ծերանոց
5) Ռաուտա-Ֆանար
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ
ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԷՐՆԵՐ
Ս. Աստուածածին վանքի Ուխտի օրուան եւ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով, մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակներուն ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել, որ մատաղցու ոչխար, խաղող կամ փոխան մատաղի ու խաղողի նուիրատուութիւն կատարել փափաքողները կրնան իրենց նուէրները յանձնել Անթիլիասի մայրավանք կամ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք` առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 11 օգոստոս 2023-ի կէսօր:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.
– Անթիլիասի մայրավանք` 04-410001
– Ս. Աստուածածին վանք` 04-983634
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Անդրանիկ Մսըրլեանի մահուան քառասունքին առիթով իր ընտանեկան պարագաները կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան սաներու ֆոնտին 200$
– ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին 200$
– ՔԱՀԼ-ին 200$
– Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին 200$
– ԱՖՀԻԼ-ի սաներու ֆոնտին 200$