Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Ալիեւ Վստահեցուց, Որ Ազրպէյճան «Զանգեզուրի Միջանցք» Կամ Հայաստանի Համար Արգելքներ Ստեղծելու Մտադրութիւն Չունի»

Յուլիս 27, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իլհամ Ալիեւ վստահեցուցած է, որ Ազրպէյճան «Զանգեզուրի միջանցք» կամ Հայաստանի համար արգելքներ ստեղծելու մտադրութիւն չունի: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան` անդրադառնալով շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման նիւթին:

Ըստ անոր, հայկական կողմն ալ բացատրած է, որ արգելքներ պիտի չստեղծէ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան համար:

«Մեր քննարկման նիւթը եղած է նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ համագործակցութեան զարգացումը: Անցեալին եղած նախագիծերու իրագործման վերաբերեալ բանակցութիւններ ունեցանք: Բարեբախտաբար վերջին 3 տարիներուն մեր բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար լաւ քայլեր կատարուած են: Սակայն կը գտնենք, որ տակաւին ներուժ կայ կարելիութիւնները զարգացնելու համար», ըսաւ Իրանի դիւանագիտութեան պետը:

Խամենէի. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Բանակցութիւնները Պէտք Է Զերծ Մնան Միացեալ Նահանգներու Եւ Սիոնական Վարչակարգի Միջամտութենէն»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները պէտք է զերծ մնան Միացեալ Նահանգներու եւ Սիոնական վարչակարգի միջամտութենէն: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին:

Ռայիսիի գլխաւոր քաղաքական խորհրդական Մոհամետ Ժամշիտի «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Իրանի նախագահը իր աջակցութիւնը առաջարկած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն` լուծելու իրենց տարակարծութիւնները:

«Այդ բանակցութիւնները պէտք է իրականացուին` մեկնելով ազգերու շահերէն եւ առանց քաղաքական դաւադրութիւններու, որոնց մէջ ներգրաւուած են Ամերիկան եւ սիոնական վարչակարգը», Ժամշիտի մէջբերած է Իրանի նախագահի խօսքերը:

Ան նաեւ ըսած է, որ Իրան սահմանափակում չի տեսներ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման համար:

Միրզոյեան, ըստ ԻՐՆԱ-ի, ըսած է, որ «իր երկիրը բարձր կը գնահատէ Իրանի դիրքորոշումը կովկասեան շրջանին մէջ զարգացումներուն վերաբերեալ»:

Ան Ռայիսիին «վստահեցուցած է, որ Հայաստանը երբեք պիտի չվերածուի շրջանային եւ արտաշրջանային ուժերու կողմէ հակաիրանեան գործողութիւններու հարթակի»:

Իրանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Իրանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւնները պիտի խթանեն շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Ռայիսի նաեւ շեշտած է, թէ Թեհրանը կ՛աջակցի շրջանի բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չ՛ընդունիր աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն, շրջանի երկիրներու սահմաններու փոփոխութիւն եւ կ՛աջակցի շրջանի բոլոր երկիրներու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», յայտարարած է Ռայիսի:

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Պու Հապիպէն Կը Պահանջէ Վերահաստատել Լիբանանի Զօրակցական Կեցուածքը` Լաչինի Միջանցքը Վերաբանալու

Յաջորդը

«Հակառակ Յամառ Ջանքերուն, Մենք Չենք Կրնար Լաչինի Միջանցքով Մարդասիրական Օգնութիւն Հասցնել Խաղաղ Բնակչութեան» Կ՛ըսէ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն

RelatedPosts

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
Ռուպիօ Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Ռուս-Ուքրանական  Բանակցութիւններն Ու Հայ-Ազրպէյճանական  Հռչակագիրի Ստորագրումը
Հայկական

Ռուպիօ Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններն Ու Հայ-Ազրպէյճանական Հռչակագիրի Ստորագրումը

Օգոստոս 21, 2025
Թրամփ Պատմած Է Փաշինեանի  Եւ Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Մասին
Հայկական

Թրամփ Պատմած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Մասին

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?