Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Սուրիոյ Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահական Հաղորդագրութիւնը Անբաւարար Նկատելով` «Հասարակաց Աշխատանքի Ծրագիր» Մը Կը Պահանջէ

March 23, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տմիթրի Փեսքով

Ռուսիոյ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ «ռուսական ղեկավարութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը կը նկատէ օրինական նախագահ մը, որ իր երկրին ապահովութեան եւ կարգ ու կանոնին պահպանման յանձնառու է»:

Փեսքով «Պի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «չենք կրնար Սուրիոյ ներքին տագնապին կողմերէն մէկուն գործած բռնարարքները քննարկել` անտեսելով միւս կողմի արարքները, այլ անհրաժեշտ է հաւասարակշռուած կեցուածք որդեգրել եւ չմոռնալ, որ Ասատ իր քաղաքացիներուն հոգ կը տանի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ հասարակաց կարգը պաշտպանելու պատասխանատուութեան տէր կը կանգնի»: Ան նշեց, որ «որեւէ պատճառ չկայ չհաւատալու, թէ սուրիական կառավարութիւնը ապահովութեան հաստատման ձգտող միջոցառումներ կ՛որդեգրէ»:

Ռուսիա մտահոգութիւն յայտնեց սուրիական ընդդիմութեան զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ գործուած մարդկային իրաւանց խախտումներուն նկատմամբ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ զօրակցութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի առաքելութեան եւ յոյս յայտնեց, որ անոր վարկը եւ մեծ փորձառութիւնը կը նպաստեն Սուրիոյ մէջ կացութիւնը բնականոնացնելու` առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով Անանի հետ գործակցելու: Ռուսիա միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Անանի առաքելութեան յաջողութեան երաշխաւորման օժանդակելու:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը երէկ յայտնեց, որ Անան այս շաբաթ Մոսկուա պիտի այցելէ, իսկ սուրիական ընդդիմութենէն պատուիրակութիւն մը մօտ օրէն իր կարգին Մոսկուա այցելելով հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Անանի օգնական յանձնախումբը Անանի ներկայացուելիք եւ անոր կողմէ քննարկուելիք կարելի եղածին չափ մեծաթիւ առաջարկներ եւ գաղափարներ հաւաքելէ ետք չորեքշաբթի ուշ գիշերին Դամասկոսէն մեկնած է:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած նախագահական հաղորդագրութեան ակնարկելով յայտնեց, որ «հասարակաց պատգամին կողքին» պէտք է «հասարակաց աշխատանքի ծրագիր» որդեգրել` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ «մարդասիրական աղէտ»-ի կասեցման համար խօսքը բաւարար չէ:

«Տակաւին կը կարծենք, թէ Սուրիա կը ջանայ ժամանակ շահիլ, եւ պէտք է այս բռնարարքները դադրեցնելու համար բան մը ընենք, եւ որպէսզի այս մարդասիրական աղէտը վերջ գտնէ, պէտք է միասնաբար շարժինք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը իր օրինականութիւնը կորսնցուց եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ շարունակ եւ բազմաթիւ անգամներ իր խոստումները չյարգեց. անցեալ փետրուարին խոստացաւ, որ բոլոր բռնարարքները պիտի դադրին, սակայն այդ օրէն ի վեր վայրագութիւնները կ՛աճին»:

Թրքական «Իխլաս» լրատու գործակալութիւնը տեղական ապահովական աղբիւրներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները սկսած են Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ վրաններու տակ բնակող սուրիացի գաղթականները փոխադրել Քիլիսի եւ Այնթապի մօտ կառուցուած տնակներ: Անոնք մինչեւ օրս 1500 գաղթականներ փոխադրած են, սակայն բոլոր գաղթականներուն փոխադրութենէն ետք վրանները պիտի պահեն` յաւելեալ գաղթականներ հիւրընկալելու համար: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Սուրիոյ մէջ ապաստանած սուրիացիներուն թիւը բարձրացած է 17 հազարի: «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող սուրիական գիւղերուն մէջ Սուրիոյ բանակին եւ Սուրիական ազատ բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի Քնեսեթին մէջ արտաքին յարաբերութեանց եւ ապահովութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Շաուլ Մոֆազ երէկ յայտնեց, որ «Իսրայէլ չի կրնար Սուրիոյ դէպքերուն նկատմամբ դիտողի դերին մէջ մնալ շարունակել եւ պէտք է մարդասիրական օժանդակութիւններ առաջարկէ»:

Նախորդը

Թուլուզի Հրէական Դպրոցին Դէմ Յարձակում Գործողը Ինքզինք Պատուհանէն Վար Նետեց

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։