ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Աբրահամ (Ապաս) Մալգճեան եւ դուստրը` Ազատիկ
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Մալգճեան եւ դստերք` Սանան եւ Դալար
Տէր եւ տիկին Վարդան Վարդանեան եւ զաւակները` Սագօ եւ Նարէ
Տէր եւ տիկին Ասատուր Մալգճեան եւ զաւակները` Աբօ եւ Յովհաննէս
Տիկին Սիրարփի Սթամպուլեան եւ զաւակները` Մոսիկ եւ Սեպուհ
Տիկին Սիմա Ատաճեան եւ զաւակունք
Մալգճեան եւ Վարդանեան ընտանիքներ
Սթամպուլեան եւ Ատաճեան ընտանիքներ
Բաբիսեան եւ Պաթուզեան ընտանիքներ
Թասլաքեան եւ Ճերմակեան ընտանիքներ
Գասամանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՄԱԼԳՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԱԹՈՒԶԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 11 յուլիս 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 12 յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 13 յուլիսին, ժամը 11:00-էն 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւններ կատարել Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանին:
—————————————
ՏՕՆ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Հայ եկեղեցին հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան (Պայծառակերպութեան) տօնը այս տարի կը նշէ կիրակի, 16 յուլիս 2023-ին:
Արդարեւ, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ,
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Աստուածորդւոյն` Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան յիշատակութեան եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Քրիստոսի` մեզի փոխանցած պատգամով եւ հոգեւոր արժէքներով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆՆԵՐ
- Այնճարի մէջ
դիմել` հեռ. 76-497356: