Հունգարիոյ Քափոսվար քաղաքին մէջ աւարտած Եւրոպայի 15 տարեկանէն վար յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը տիրացաւ 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի:
Արծաթէ մետալակիր դարձան Գառնիկ Մանուկեան (41 քկ) եւ Պետրոս Բաղրամեան (85 քկ), մինչ պրոնզէ մետալակիր` Մարատ Աճէմեան (44 քկ) եւ Ջանես Նազարեան (57 քկ):
Նշենք, որ Մանուկեան եւ Բաղրամեան աւարտական մրցումներուն պարտութիւն կրեցին իրենց ռուս մրցակիցներէն:
Իսկ պրոնզէ մետալին համար իրենց մղած պայքարին, Աճէմեան յաղթեց Խրուաթիոյ ներկայացուցիչին, մինչ Նազարեան իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` 3-1 արդիւնքով:
Այս ախոյեանութենէն առաջ, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, տիրանալով 1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալի, ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւած էր երրորդ դիրքը:


