Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ ուքրանական ուժերու հակայարձակումը «մէկ տեղի մէջ մնացած չէ, սակայն յառաջ կ՛ընթանայ»` խոստովանելով, որ անոր կշռոյթը նախատեսուածին նման չէ:
«Բոլորս կ՛ուզենք, որ ատիկա արագ տեղի ունենայ: Իւրաքանչիւր յաւելեալ օր ուքրանացիներու շարքերուն մէջ կորուստներ կը նշանակէ: Մենք յառաջ կ՛ընթանանք, եւ մէկ տեղի մէջ չենք մնար», ըսաւ Զելենսքի:
«Բոլորս կ՛ուզենք հակայարձակումի աւելի կարճ ժամանակի մէջ լրացումը տեսնել», աւելցուց ան` պնդելով, որ հակայարձակումի ընթացքին արեւմուտքցի գործընկերներուն կողմէ իր վրայ որեւէ ճնշում չի զգար:
«Որեւէ ճնշում չեմ զգար: Անոնք կը թուի, թէ կը հասկնան կենդանի մնալու, կռուելու եւ նախաձեռնութեան տէր դառնալու դժուարութիւնը` նկատի ունենալով Ռուսիոյ համապարփակ ուժն ու անոր զէնքերուն քանակը», ըսաւ Զելենսքի:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ նախագահը նախապէս հաստատած էր. «Կռիւի դաշտին վրայ յառաջխաղացքը ուզուածէն դանդաղ էր»:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան հետախուզութեան հանգստեան կոչուած նախկին սպայ Սքաթ Ռիթըր 7 յուլիսին յայտնած է. «Ուքրանական զինեալ ուժերու մարտական գունդերը հակայարձակումի ընթացքին իրենց ուժերու աւելի քան կէսը կորսնցուցին»:
ՕԹԱՆ-ի Եւրոպայի մէջ միացեալ ուժերու հրամանատար Քրիսթըֆըր Քաւոլի իր կարգին յայտնած է, որ ուքրանական ուժերու հակայարձակումին ընթացքին նկատառելի յաջողութիւններ չեն արձանագրուած:


