Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի` Բերձորի միջանցքի փակման վերաբերեալ յայտարարութիւնը, ըսած է, որ լսած է կոչերը, պէտք է վերլուծել, սակայն Ազրպէյճանը իր քաղաքականութիւնը կը վարէ ոչ թէ ոեւէ մէկու կոչերով առաջնորդուելով, այլ ազգային շահերէն մեկնելով:
Յիշեցնենք, որ Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, որ Մոսկուան ծայրայեղ մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան խախտման յաճախակի դարձած դէպքերով եւ Բերձորի միջանցքի շարունակուող շրջափակումով:
«Ազրպէյճանական կողմին կոչ կ՛ուղղենք ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը, ապահովելու ատով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու, բեռներու` քաղաքային նպատակներով անխոչընդոտ տեղաշարժը», նշած էր Զախարովան:
«Ի հարկէ, կոչերը պէտք է լսել: Կարեւոր է զանոնք վերլուծել, եւ մենք ատիկա կ՛ընենք, կու տանք համարժէք պատասխաններ… Ազրպէյճանը իր տեսակէտը ունի հարցերը միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան լուծելու վերաբերեալ: Մենք մեր քաղաքականութիւնը կը վարենք ոչ թէ ոեւէ մէկու կոչերով, այլ մեր ազգային շահերէն մեկնելով: Վստահ ենք, որ այս քաղաքականութիւնը դրական արդիւնքներու պիտի յանգեցնէ», ըսած է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:
Պայրամով. «Վերջին Ամիսներուն Աշխուժ Աշխատանք Տարուած Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղութեամբ»
Վերջին ամիսներուն «աշխուժ աշխատանք տարուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ան նշած է, որ այս ժամանակամիջոցին քանի մը հանդիպումներ եղած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ աշխուժ հաղորդակցութիւններ` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով:
Պայրամով աւելցուցած է, որ կողմերը բանակցութիւններ կը վարեն հաղորդակցութեան ուղիներու բացման շուրջ: