Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը անցեալ շաբաթավերջին սանձեցին Հիւսիսային Լիբանանէն ապօրինի գաղթի գործողութիւն մը:
Կը նախատեսուէր, որ Միջերկրական ծովուն վրայով 100 հոգի, որոնց շարքին լիբանանցի եւ սուրիացի քաղաքացիներ, գաղթէին Լիբանանէն:
Բանակն ու ապահովութեան ուժերը կրցած էին գործողութիւնը արգիլել տակաւին քաղաքացիները նաւ չհասած` կասեցնելով զանոնք հիւսիսային Լիբանան փոխադրող փոխադրակառքերը:
Աւելի ուշ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը բացայայտած է տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն` անծանօթ խմբաւորում մը կազմակերպած է ապօրինի գաղթի այլ գործողութիւն մը` հիւսիսային Լիբանանէն նաւով Իտալիա փոխադրելու գաղթականները:
Տեղեկութիւններուն համաձայն, նաւուն մեկնարկը պիտի տրուէր Սըլաաթայի ծովափէն, եւ իւրաքանչիւր գաղթական 6-7 հազար տոլար վճարած պիտի ըլլար` «գաղթելու» համար:
«Հետեւելով իր տեղեկութիւններուն` Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքի շրջուն ջոկատները կասեցուցին երկու փոխադրակառքեր, որոնք Մընիէ-Տըննիէէն կու գային եւ որոնց մէջ կային 111 սուրիացիներ` կիներ ու մանուկներ:
Աւելի ուշ կասեցուեցան նաեւ երկու այլ փոխադրակառքեր, որոնք կու գային Մուհամմարայէն եւ որոնց մէջ կային 120 սուրիացիներ` կիներ ու մանուկներ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ կրցած է 231 հոգի փրկել ապօրինի գաղթէ` ընդգծելով, որ այդ թղթածրարին շուրջ դատական իշխանութիւնները համապատասխան հետաքննութիւնը կատարելու պատրաստ են:


