Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Պատերազմին Մէջ Արդար Ու Հաւասարակշռուած Դիրքորոշում Որդեգրեցինք»

Յուլիս 10, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին մէջ «արդար եւ հաւասարակշռուած» դիրքորոշում որդեգրած է:

«Թուրքիան չարտօնեց, որ մինչ Ուքրանիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդէ, Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները վատթարանան», ըսաւ Էրտողան եւ յիշեցուց, որ ուրբաթ գիշեր Պոլսոյ մէջ հիւրընկալած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ մեր սերտ երկխօսութիւնը կը շարունակենք, եւ յառաջիկայ օգոստոսին հանդիպում պիտի ունենանք: Մեր դիւանագիտական աշխատանքներուն միջոցով կը փորձենք մեր երկիրը պաշտպանել 1,5 տարիէ ի վեր մեր մերձակայքին մէջ շարունակուող պատերազմի ժխտական ազդեցութիւններէն, եւ հակառակ ատոր մեր շուրջ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր դէպք թրքական տնտեսութեան վրայ ազդեցութիւն ունի, եւ այդ ազդեցութիւնը կը զգան բոլորը` Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա»:

Թուրքիոյ նախագահը շաբաթ օր Զելենսքիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ «Ուքրանիան արժանի է ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալու», եւ Անգարան «կը յուսայ, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապի երկու կողմերը խաղաղութեան կը վերադառնան»:

«Անգարան Պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ տագնապին բանակցութիւններու ճամբով վերջ տալու իր ջանքերը», նշեց Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը «Հացահատիկի գործարք»-ի երկարաձգման առնչութեամբ յոյս ունի` աւելցնելով, որ կը նախատեսէ Փութինի հետ «Հացահատիկի գործարք»-ի երկարաձգման հարցը հեռաձայնային հաղորդակցութեան կամ ուղիղ հանդիպումի ընթացքին քննարկել Փութինի հետ, ինչպէս նաեւ կ՛ուզէ գերիներու փոխանակման հարցը անձամբ Փութինի հետ քննարկել:

Սակայն Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով Էրտողան-Զելենսքի բանակցութիւններէն ետք «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարներու հանդիպման վերաբերեալ տակաւին յստակութիւն չկայ:

Փեսքովի համաձայն, հաւանական հանդիպման ու բանակցութիւններու թուականներու վերաբերեալ տակաւին որեւէ յստակութիւն չկայ, տեղեկութեան պարագային ռուսական կողմը զայն կը հաղորդէ:

Փեսքով. «Թուրքիան Խախտեց Համաձայնութիւնները»

Ռուսիոյ նախագահի բանբերը «Զվեզտա»-ին յայտնեց, որ «Ազով» ազգային գունդի հրամանատարներու Թուրքիայէն Ուքրանիա վերադարձը համաձայնութիւններու պայմաններու բացարձակ խախտում է:

«Համաձայն պայմանաւորուածութիւններուն, «Ազով»-ի ղեկավարները պէտք է Թուրքիա մնային մինչեւ տագնապին աւարտը», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

Փեսքով ընդգծած է, որ թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Քիեւը խախտած են վերադարձի պայմանները` աւելցնելով, որ ոչ ոք Ռուսիոյ տեղեկացուցած է այդ զինուորները Ուքրանիա տեղափոխելու մասին:

Սալիվըն. «Ուքրանիան Տակաւին Չէ Կատարած
ՕԹԱՆ–ին Միանալու Պահանջները»

Ուքրանիան տակաւին չէ կատարած ՕԹԱՆ-ին միանալու պահանջները: Այս մասին Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն:

Ան ըսած է, որ Վիլնիուսի մէջ 11 յուլիսին նախատեսուած վեհաժողովին ընթացքին դաշնակիցները աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն Ուքրանիոյ:

«Երբ Փութին այս պատերազմին սկսաւ, ան կ՛ակնկալէր, որ Արեւմուտքի միասնութիւնը պիտի խզուի, ՕԹԱՆ-ը պիտի մասնատուի եւ Ուքրանիոյ նկատմամբ աջակցութիւնը ժամանակի ընթացքին պիտի թուլանայ: Ան սխալեցաւ», ըսած է ան:

«Մենք ուքրանացիներուն հետ ենք, որոնք կը պայքարին իրենց ազատութեան եւ անկախութեան համար: Վիլնիուսի մէջ նախագահ Պայտընը պիտի ներկայացնէ տեսլական, որ պիտի անդրադառնայ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն, ներառեալ ռուսական յարձակումին ու կլիմայի փոփոխութեան», ըսած է Սալիվըն:

Պայտըն իր կարգին «Սի. Էն. Էն.»-ին յայտնեց, որ Ուքրանիան տակաւին պատրաստ չէ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան` աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը պէտք է աւարտի նախքան դաշինքի` Քիեւը իր շարքերուն միացնելու հարցը նկատի առնելը:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Ուքրանիոյ Տարանջատուող Ռումբեր Պիտի Տրամադրէ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?