ՄԱՀԱԶԴ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետը եւ քաղաքապետական խորհուրդը կը գուժեն Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Սոնիա Մաղաքեան-Սարգիսեան
Սապին Սարգիսեան-Վէքիլեան, Աբրահամ Վէքիլեան եւ զաւակունք` Կալին, Ալիք եւ Արամ Փաթիլ Սարգիսեան
Վիգէն Սարգիսեան եւ Քիմպըրլի Մասսապնի
Լուսին եւ Վազգէն Թերզեան եւ ընտանիք
Հրայր (Հանրի) եւ Միրնա Սարգիսեան եւ ընտանիք
Գուրգէն (Կրէք) եւ Լենա Սարգիսեան եւ ընտանիք
Գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեան
Սարգիսեան եւ Մաղաքեան ընտանիքներ
Հայրապետեան եւ Ատանալեան ընտանիքներ
Պաղտասարեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Ֆէրմանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, զարմիկին եւ հարազատին`
ՍՈՒՐԷՆ ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 2 յուլիս 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 7 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, 45 Hallcrown Place, North York, ON M2J 4Y4, Canada. ապա, թաղմանական կարգը պիտի կատարուի York Cemetery, 160 Beecroft Road, Toronto, ON M2N, 5Z5, Canada.
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` անոր յիշատակին նուիրատուութիւնները յատկացնել «Զօրեան» հաստատութեան, Համազգայինին, ԼՕԽ-ին եւ «Ազդակ»-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Աշոտ Մսըրլեան
Տէր եւ տիկին Մանուէլ եւ Յասմիկ Տիշչեքենեան
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Զեփիւռ Յովհաննէսեան եւ դուստրը` Շողեր
Տէր եւ տիկին Համբար եւ Եփրաքսի Քելեշեան եւ դուստրը` Արազ
Տէր եւ տիկին Սարգիս Տիշչեքենեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Շանթ Տիշչեքենեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռազմիկ Տիշչեքենեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռոստոմ Յովհաննէսեան
Տէր եւ տիկին Ռուբէն Յովհաննէսեան
Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան եւ տիկինը` Գայեանէ
Օրդ. Շահանդուխտ Պերթիզլեան
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Արմինէ Տիշչեքենեան
Տիկին Տիգրանուհի Ճելոյեան եւ դուստրը` Վալերի
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, մօրեղբօր, հօրեղբօր, զարմիկին եւ հարազատին`
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 4 յուլիս 2023-ի առաւօտեան:
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 5 յուլիս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Հայ աւետարանական գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հինգշաբթի, 6 յուլիս 2023-ին, ժամը 11:00-էն 7:00:
Ծանօթ.- Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կատարել Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
—————————————
Հովանաւորութեամբ`
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ
Գործակցութեամբ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆԻՆ
Կազմակերպութեամբ
ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ
ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԶՐՈՅՑ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ. ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ ՏԵՍԼԱԿԱՆՆԵՐ
Զեկուցողներ`
ՇԱՂԻԿ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆ
Դասախօս Հայկազեան համալսարանի
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Քաղաքական վերլուծաբան, համալսարանի դասախօս
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ, «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր
Զրուցավար`
ԼՈՒԹՖԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Զրոյցին հեռակայ կերպով կը մասնակցին
ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, քաղաքական հարցերու պատասխանատու
ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ.- Միջազգային օրէնքի մասնագէտ, միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան ծրագիրի տնօրէն
ԵՂԻՍԱԲԷԹ ՋՈՒԼՃԵԱՆ.- ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի մամլոյ բանբեր
ԴՈԿՏ. ՄՈՀԱՄԵՏ ՆՈՒՐԷՏՏԻՆ.- Թրքագէտ, համալսարանի դասախօս
ԴՈԿՏ. ԷԼԻ ԷԼԻԱՍ.- Ժողովրդագէտ, համալսարանի դասախօս
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 6 յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ, երկրորդ յարկ:
ՀՐԱՒԷՐ