Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց Աքքարի եւ Ռաս Պաալպեքի մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի զօրամասը, անկարգելաւորներու ջոկատն ու Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն հսկող զօրամասը:
Զօր. Քահուաժի այս այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ վերոնշեալ զօրամասերու հրամանատարներուն հետ եւ անոնցմէ իմացաւ այդ ջոկատներուն տարած աշխատանքին մասին:
Զօր. Քահուաժի դրուատեց զինուորներուն զոհողութիւնը` ի խնդիր երկրին եւ անոր սահմաններուն պաշտպանութեան, ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է սահմաններուն վրայ կատարուող մաքսանենգումին վերջ տալ, ինչպէս նաեւ պահպանել երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը, յատկապէս հետապնդելով ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու կազմակերպուած ոճիրներու վերաբերող հարցերը:
Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ բանակին իսկական ուժը իր քանակին եւ ունեցած զէնքերուն մէջ չի կայանար, այլ` ազգային եւ զինուորական իր սկզբունքներուն կառչած մնալու իրականութեան մէջ` անկախ քաղաքական պայմաններուն արձանագրած փոփոխութիւններէն:


