Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) նախանցեալ օր ընդունած է «Լաչինի միջանցքով ազատ անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը եւ խորհրդատուութիւնները: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Դիմատետրի իր էջին մէջ տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան:
«Քիչ առաջ ԵԽԽՎ-ն քուէարկութեամբ ընդունեց «Լաչինի միջանցքով ազատ անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը եւ խորհրդատուութիւնները:
Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը ըրաւ ամէն ինչ բանաձեւը փոփոխութեան ենթարկելու կամ անոր ընդունումը տապալելու համար, բայց ոչ մէկ ձեւով յաջողեցաւ: Անոնց առաջարկած մօտ 60 փոփոխութիւնները մերժուեցան, եւ բանաձեւը ընդունուեցաւ:
Ի հեճուկս Ազրպէյճանի պնդումներուն` ԵԽԽՎ բանաձեւը յստակ կ՛արձանագրէ, որ Բերձորի միջանցքով չկայ ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժ:
Բանաձեւը հիմնականին մէջ կ՛անդրադառնայ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու հետեւանքներուն, կ՛ընդգծուի Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան հրատապ գործուղման անհրաժեշտութիւնը, կոչ կ՛ուղղուի Ազրպէյճանին անյապաղ կատարելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները, կոչ կ՛ուղղուի Ազրպէյճանին վերականգնելու ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղ: Ազրպէյճանին նաեւ հասցէական կոչ կ՛ուղղուի հրաժարելու հայերուն դէմ կիրարկուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութենէն:
Բանաձեւին մէջ, ի շարս այլ կէտերու, մասնաւորապէս կ՛արձանագրուի.
Վեհաժողովը չափազանց անհանգստացած է Բերձորի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի ընդհատումով եւ ատոր յաջորդած ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման կանխամտածուած դադարեցումով:
Վեհաժողովը ցնցուած է այն փաստէն, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չ՛ընդունիր ներկայ իրավիճակէն բխող լրջագոյն մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներուն հետ կապուած հետեւանքները:
Վեհաժողովը խորապէս կ՛ափսոսայ, որ ԵԽԽՎ-ի զեկուցողը իր փաստահաւաք այցելութեան ընթացքին չէ հրաւիրուած Ազրպէյճան եւ չէ կրցած մեկնիլ Լաչինի միջանցք:
Վեհաժողովը կը շեշտէ, որ ներկայ իրավիճակը կայուն չէ եւ կրնայ յանգեցնել անոր, որ հայ բնակչութիւնը պարտադրուած ըլլայ լքել իր տուներն ու համայնքները, եթէ տագնապը լուծում չստանայ: Այս պարունակին մէջ վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ հրատապ հասցէագրել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերը: Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան միջոցով, ինչպէս նաեւ ապահովել միջազգային չէզոք ներգրաւում` խաղաղութեան ուղղուած որեւէ գործիքակազմի կիրարկման համար:
Վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին առանց աւելորդ երկարաձգման կատարելու 21 դեկտեմբեր 2022-ին կիրարկուած ՄԻԵԴ միջանկեալ միջոցները:
Վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին հրատապ կերպով կատարելու նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը:
Վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին հրաւիրելու Եւրոպական խորհուրդի պատուիրակութեան փաստահաւաք առաքելութեամբ այցելել Բերձորի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ` տեղւոյն վրայ իրավիճակը գնահատելու համար: Վեհաժողովը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին թոյլ տալու այլ միջազգային կազմակերպութիւններու` ներառեալ ՄԱԿ-ի հաստատութիւնները, մուտք գործելու շրջան:
Վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին իրապէս կառուցողական եւ խաղաղ մօտեցում ցուցաբերելու դրացի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն նկատմամբ:
ԵԽԽՎ-ն Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ գործադրելու բոլոր ջանքերը երկու ուղղութիւններով Բերձորի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժի համար:
ԵԽԽՎ-ն կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին անյապաղ վերականգնելու ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը եւ հայերուն հետ համաձայնեցնելու հայկական, ոչ թէ` ազրպէյճանական տարածքով անցնող կազի եւ ելեկտրացանցի մատակարարման նոր երթուղին:
Վեհաժողովը խիստ մտահոգուած է Ազրպէյճանի ղեկավարութեան` ամէնէն բարձր մակարդակով հայերուն դէմ կիրարկուող թշնամական եւ սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ կը յորդորէ Ազրպէյճանին հրաժարիլ նման հռետորաբանութենէ եւ քայլերու ձեռնարկել ինչպէս ատելութեան խօսքի, ներառեալ հանրութեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ հնչող խօսքը, այնպէս ալ ատելութեան հողի վրայ յանցագործութիւններու դէմ պայքարելու համար», նշած է Ռուբէն Ռուբինեան:


