Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Արեւմուտքը Անկեղծ Ցանկութիւն Չունի Օգնելու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Գործընթացին»

Յունիս 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով համոզում յայտնեց, որ Արեւմուտքը անկեղծ ցանկութիւն չունի` օգնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք:

«Ցաւօք, այն բանին մէջ, ինչ որ հիմա կ՛ընեն Միացեալ Նահանգները, եւ ինչ որ կ՛ընէ Եւրոպական Միութիւնը, մենք աւելի շատ կը տեսնենք ոչ թէ բանակցութիւններուն օգնելու ցանկութիւն, այլ շրջան ներթափանցելու ցանկութիւն, ցանկութիւն` ճնշում գործադրելու Ռուսիոյ Դաշնութեան օրինական շահերուն վրայ եւ ցանկութիւն` հաստատուելու իբրեւ որոշակի ուժեր, որոնք այստեղ, ըստ էութեան, որոշիչ դեր պիտի խաղան», Լաւրովի խօսքերը կը մէջբերէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կարծիքով` Արեւմուտքի այսպիսի գործողութիւնները կ՛արտացոլեն անոր ցանկութիւնը «ընդլայնուելու դէպի շրջաններ, որոնք հեռու են ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու սահմաններէն, եւ ատիկա քիչ կապ ունի իրավիճակի կայունացման օգնելու անկեղծ ցանկութեան հետ»:

«Թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի մէջ մեր գործընկերները, յոյսով եմ, կը հասկնան ատիկա: Յամենայն դէպս, մենք անոնց հետ բացէ ի բաց կը քննարկենք, թէ ի՛նչ կը  կատարուի», ըսած է Լաւրով:

Անոր համաձայն, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը դէմ չէ, որ միջազգային խաղացողները փորձեն միջնորդի դեր կատարել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ:

«Մենք դէմ չենք, որ այլ միջազգային խաղացողներ փորձեն իրենց ուժերը միջնորդութեան հարցին մէջ», նշած է Լաւրով` աւելցնելով. «Գլխաւորը այն է, որ այս միջնորդութիւնը հետապնդէ այնպիսի համաձայնագիրներու ապահովում, որոնք կ՛արտացոլեն հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու, հայկական եւ ազրպէյճանական պետութիւններու շահերու հաւասարակշռութիւնը»:

Լաւրով նաեւ յայտնած է, որ «հայ-ազրպէյճանական համաձայնութիւնները կարելի են բացառապէս Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու լիարժէք կատարման շրջանակներուն մէջ»:

Նախորդը

Երասխի Մետաղաձուլական Գործարանին Մէջ Բարձրացուեցան Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Դրօշները

Յաջորդը

Լուսաբանութիւն Մը. Սուրբ Պատարագը Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?