Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուքաշենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դժգոհութիւնները Հիմնաւոր Են»

Յունիս 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ երէկ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումի ընթացքին կոչ ուղղած է չխուսափելու խնդիրներէ, այլ զանոնք լուծելու, որքան ալ դժուար ըլլան անոնք:

«ՊելԹԱ» կը գրէ, որ ան նշած է, թէ կազմակերպութեան համար այժմ շատ դժուար ժամանակահատուած է, որ կը պահանջէ ուժերու, փորձառութեան եւ ներուժի առաւելագոյն զօրակոչ` խաղաղութիւնը պահպանելու համար:

Գնահատելով ՀԱՊԿ-ի գործունէութիւնը` Լուքաշենքօ նշած է, որ կազմակերպութիւնը երբեմն իրաւացիօրէն կը քննադատուի որոշակի խնդիրներ լուծելու հարցին մէջ թերացման համար:

«Օրինակ` Խըրխըզիստանը երկար ժամանակէ ի վեր օգնութիւն կը խնդրէ Տաճիկիստանի հետ տագնապը լուծելու համար: Հայաստանը հիմնաւորուած պնդումներ կը կատարէ: Եթէ մենք չլուծենք այդ խնդիրները, ապա ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները միշտ զիրար պիտի մեղադրեն, դժգոհութիւն պիտի յայտնեն կազմակերպութեան աշխատանքէն: Ուստի, պէտք է խորանալ ՀԱՊԿ-ի երկիրներու խնդիրներուն մէջ եւ ելքեր փնտռել», ըսած է Լուքաշենքօ:

«Կան խնդիրներ, կան առաջադրանքներ, անոնք պէտք է լուծուին, որքան ալ դժուար ըլլան, իսկ մենք երբեմն չենք ուզեր լուծել զանոնք բարդութեան պատճառով», ըսած է ան:

Լուքաշենքօ ընդգծած է, որ եթէ Արեւմուտքէն «բարեկամ-խորհրդատուները» ներգրաւուին այս խնդիրներու լուծման, ապա շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ բան մը ընել:

«Աշխարհի վրայ տիրող կացութիւնը կասկած չի ձգեր, որ մենք պէտք է միասնական մնանք, յատկապէս այս դժուար պահուն», ըսած է Պիելոռուսիոյ ղեկավարը:

Ան անգամ մը եւս ընդգծած է յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկումի կառոյցներուն մէջ, ներառեալ ՀԱՊԿ-ը, համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:

«Պէտք չէ շտապել, վատացնել կացութիւնը իրարու համար եւ փորձել որոշ ձեւով հեռանալ իրարմէ: Մենք պէտք է միասնական մնանք յատկապէս այս դժուար պահուն: Եւ այստեղ հարցը այն չէ, որ մեր կազմակերպութեան հիմնական առանցքը` Ռուսիան, ծանր կացութեան մէջ է: Ռուսիան միայն մէկ մասն է, մէկ տարրն է անոր, ինչ որ աշխարհի վրայ կը կատարուի», ըսած է Լուքաշենքօ:

Անոր համաձայն, համաշխարհային նշանակութեան խնդիրներ կան ափրիկեան շրջանին մէջ, Չինաստանի եւ Թայուանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի միջեւ:

«Համաշխարհային տարողութեամբ կատաղի կռիւ, ճակատամարտ տեղի կ՛ունենայ: Յայտնի չէ, թէ ասիկա ինչպէ՛ս պիտի աւարտի», ըսած է Լուքաշենքօ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին լրագրողներու յայտնեց, որ Արեւմուտքը կ՛ուզէ պառակտել ՀԱՊԿ-ն, եւ անոր անդամներուն միջեւ սեպ խրելու նպատակով «կը դիմէ կեղտոտ մեթոտներու»:

 

Նախորդը

Սէյիտով. «Յաջորդ Շաբաթ Հայ-Ազրպէյճանական Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան»

Յաջորդը

Պայրամով. «Հայաստանի Հետ Կարգաւորման Հեռանկարներ Բացուած Են»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?