Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Անկախութեան Հռչակագիրն ու Յօդուած 13-ը

June 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայաստանի զինանշանը

Հայաստանի խորհրդարանի նիստին, խնդրոյ առարկայ դարձաւ հանրապետութեան Զինանշանի խորհուրդը: Հին արժէքները հակադրուեցան նոր արժէքներուն, պատմական Հայաստանը` իրական Հայաստանին, զինանշանի խորհուրդն ու նկարագրութիւնը մեկնաբանուեցան իւրովի եւ սուր ենթակայականութեամբ, շեշտելու համար, որ մեր Զինանշանի խորհուրդը այսօրուան իրականութեան հետ կապ չունի: Այն ձեւակերպումով, որ 1991-ին հիմնադրուած պետութեան հետ ի՞նչ կապ ունի Զինանշանը:

Սահմանադրութեան Զինանշանին վերապահած բաժինը կարեւոր է վերստին կարդալ:

Յօդուած 13.

Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է. կենտրոնը վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով, եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւններու զինանշանները: Վահանը կը պահեն արծիւը եւ առիւծը, իսկ վահանէն ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերու խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն:

Դրօշի եւ զինանշանի մանրամասն նկարագրութիւնը կը սահմանուի օրէնքով:

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը կը սահմանուի օրէնքով:

Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքը Երեւանն է:

Յօդուած 13-ը մեր Սահմանադրութեան ամէնէն հեռանկարային, ամէնէն ազգային-փիլիսոփայական եւ ամէնէն համահայկական էութիւն ամփոփած յօդուածն է: Այս յօդուածը անքակտելիօրէն կապուած է Անկախութեան հռչակագիրին հետ, ուր կը խօսուի համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, պատմական իրաւունքներու վերականգնման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ մայիսքսանութեան աւանդութիւններու շարունակման հրամայականներուն մասին:

Զինանշանին մէջ պատկերուած Նոյեան տապանն ու Արարատը պատմական Հայաստանին կը վերաբերին եւ անկախութեան հռչակագիրով իսկ ամրագրուած պատմական իրաւունքներու վերականգնման:

Յօդուած 13-ը ունի չորս հիմնական բաղադրիչ` եռագոյն, զինանշան, օրհներգ եւ մայրաքաղաք: Յօդուած 13-ի եւ Անախութեան հռչակագիրին ամէնէն առանցքային կապը սակայն մայիսքսանութեան աւանդութիւններու շարունակման  իրաւադրոյթն է: Անկարելի է չնկատել, որ Յօդուած 13-ի 4 բաղադրիչներն ալ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան որոշած խորհրդանիշներու կամ մայրաքաղաքին վերահաստատումն են: Խնդիրը հետեւաբար ո՛չ գեղագիտական է, ո՛չ ալ այժմէականը հինին կամ պատմականը  նորին արուեստական երկուութիւններ ստեղծելուն կը վերաբերի:

Յօդուած 13-ով, 1991-ին, առաջին օրէն իսկ կայացած է ազգային պետական կարեւորագոյն որոշում խորհրդանիշները վերաորդեգրելով վերանկախացող Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ա. Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդը նկատելու: Այս իրականութեան անտեսումն ու շրջանցումը  կա՛մ անգիտակցութեան հարց է, կա՛մ ալ այսօրուան արտաքին քաղաքականութեան համահունչ նոր զիջումներու երթալու համար ենթահողի նախապատրաստութեան քայլ: Ասիկա նոյնիսկ կրնայ նկատուիլ Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար միտքերու պատրաստութիւն համահայկական խորհրդանիշները փոխելու որոշումով:

Որովհետեւ այսօրուան Սահմանադրութեամբ թէ՛ Արցախի ուղղութեամբ եւ թէ՛ Թուրքիոյ հետ նոր համաձայնագիր կամ սահմաններու ճանաչման նոր պայմանագիր կնքելը կը նկատուին հակասահմանադրական, եւ իրաւական հիմնաւորումներով չի հաստատուիր անոնց սահմանադրականութիւնը:

Յօդուած 13-ի եւ Անկախութեան հռչակագիրի ուղղակի կապը չէր արտօներ, որ խորհրդարանի բեմէն վարչապետի մակարդակով հնչէին նման անտեղի համեմատութիւն կամ Զինանշանին` այսօրուան իրականութեան հետ կապ չունենալու մասին բարձրաձայնումներ: Անոնց հակասահմանադրական ըլլալու իրողութեան նշումով պէտք է ընդմիջուէր Նիկոլ Փաշինեանի խօսքը:

Առաջին Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդութիւնը ամրագրող Յօդուած 13-ը շատ հեռուներ կրնայ առաջնորդել մեր համազգային երթը: Առաջին Հանրապետութեան օրերուն էր, որ կայացաւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռը: Պատահական չէ, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջ հնչեց նաեւ պաշտօնական Անգարայէն:

Այս իրաւաժառանգորդութեան կարեւորութեան գիտակցած էին ցեղասպանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն հանող, «Պատերա՞զմ թէ՞ խաղաղութիւն» հարցադրումով լրջանալու պահի մասին խօսող առաջին իշխանութիւնները:

Զինանշանի մասին խորհրդարանին մէջ հնչած տեսակէտները մաս կը կազմեն Արարատ-Արագած հին-նոր պատմական-իրական կեղծ բանավիճային օրակարգին: Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունող խաղաղութեան պայմանագիրէն ետք յայտնապէս կը նախապատրաստուի Կարս 2-ը: Մեր Սահմանադրութիւնը կ՛արգելակէ երկուքն ալ:

Անհպելի պէտք է պահել Անկախութեան հռչակագիրին յղում կատարող Սահմանադրութեան բաժինը եւ Յօդուած 13-ը:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Կրակ Բացած Են Սահմանագօտիի Արեւելեան Եւ Հարաւարեւելեան Ուղղութեամբ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 19 Յունիս 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.