Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Բանակցային Ձեւաչափի Վերականգնումը

Յունիս 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի շարունակուող խիստ շրջափակման, ուժի կիրարկման եւ ցեղային զտման ահագնացող սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ, երբ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը, ըստ էութեան, կը գտնուի պատանդի կարգավիճակին մէջ, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման ուղիներուն շուրջ իրական երկխօսութեան սկսիլը անիրատեսական է: Այս մասին յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու փորձերու մասին վերջերս ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ անանուն դիւանագիտական աղբիւրներուն յղումով տարածուած աղմկայարոյց հրապարակումներուն առնչութեամբ երէկ հրապարակած մեկնաբանութեան մէջ:

Ընդգծելով, որ Արցախը «ամէնէն շահագրգիռ կողմն է շրջանին մէջ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հաստատման ուղղուած երկխօսութեան եւ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով Ազրպէյճանի հետ տագնապի համապարփակ լուծում գտնելու հարցին մէջ», նախարարութիւնը կը շարունակէ. «44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք արդէն իսկ եղած են նման շփումներու փորձեր հրատապ շարք մը խնդիրներու լուծման նպատակով: Մասնաւորապէս, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած են քանի մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուած են մարդասիրական, ենթակառուցուածքային եւ այլ թեքնիք հարցեր` ուղղուած մարդոց խաղաղ եւ բնականոն կեանքի համար պայմաններու ապահովման, արձանագրուած են որոշակի արդիւնքներ` անհետ կորսուածներու ճակատագիրի բացայայտման եւ զոհուածներու աճիւններու որոնման, կենսական նշանակութեան ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքի ապահովման, գիւղատնտեսական աշխատանքներու կազմակերպման եւ այլ հարցերու մէջ: Այս ձեւաչափով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 1 մարտ 2023-ին, որուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի փոխադրական եւ ուժանիւթի շրջափակման դադրեցման առնչուող հարցեր: Սակայն, ազրպէյճանական կողմը սկիզբը հրաժարած է կատարել հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, իսկ այնուհետեւ դիմած է տարբեր սադրանքներու եւ նախայարձակ գործողութիւններու` հետեւողականօրէն մերժելով նշուած ձեւաչափով հանդիպումները շարունակելու Արցախի Հանրապետութեան բոլոր հետագայ առաջարկները»:

Արցախի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ խաղաղ գործընթացի վերսկսման համար անհրաժեշտ է վերականգնել միջազգայնօրէն ճանչցուած բանակցային ձեւաչափը, «որու շրջանակներուն մէջ կարելի պիտի ըլլայ բարեխղճութեան, համագործակցութեան եւ կողմերու իրաւահաւասարութեան սկզբունքներուն հիման վրայ քննարկել բոլոր վիճայարոյց հարցերն ու հակասութիւնները», նշուած է յայտարարութեան մէջ: «Միեւնոյն ժամանակ այս մեքանիզմը պէտք է ըլլայ ներառական եւ ներկայացուցչական, ինչպէս նաեւ ունենայ համապատասխան կարողութիւններ եւ լիազօրութիւն` ապահովելու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ կողմերու ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը», կ՛ընդգծէ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` անգամ մը եւս շեշտելով «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կառոյցի ներուժի եւ փորձի օգտագործման, ինչպէս նաեւ տագնապի խաղաղ լուծման մէջ ներգրաւուած բոլոր հիմնական դերակատարներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Մտահոգուած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Ստեղծուած Կացութեամբ

Յաջորդը

Ռուսիոյ Դեսպանին Ներկայացուած Է Հայաստանի Խիստ Դժգոհութիւնը Հակարի Կամուրջին Մօտ Տեղի Ունեցած Միջադէպին Կապակցութեամբ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?