Միացեալ Նահանգներ հետեւողականօրէն կը պնդեն, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւնը: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:
«Մենք կ՛ողջունենք որեւէ երկխօսութիւն, որ կը նպաստէ ատոր», աւելցուցած են դեսպանատունէն` այս ձեւով արձագանգելով ռուսական մամուլի հրապարակումներուն եւ անոնց վերաբերեալ Մոսկուայի յայտարարութեան:
Ըստ ռուսական մամուլին մէջ յայտնուած տեղեկութիւններուն, Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն իրենց միջնորդութիւնը պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան համար, ներառեալ ուժի գործադրման սպառնալիքի միջոցով: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ալ ռուսական պետական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած էին, որ այդ հրապարակումները կը մտահոգեն Մոսկուան:
«Քոմսոմոլսքայա փրաւտա»-ն, վկայակոչելով իր աղբիւրները, գրած էր, որ Միացեալ Նահանգներ վերջնագիրի տեսքով Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն կը հարկադրեն համաձայնիլ մօտիկ ապագային երրորդ երկիրներու մէջ ամերիկացիներու հովանիին տակ հանդիպելու ազրպէյճանական կողմին հետ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, որ եթէ այդ փաստերը հաստատուին, ամերիկեան կողմը պարտաւոր է բացատրութիւն տալ` աւելցնելով. «Առաջին անգամ կը տեսնեմ տեղեկութիւն, որ միջնորդի դերին յաւակնող երկիրը ուժի կիրարկումով կը սպառնայ կարգաւորման հոլովոյթի մասնակիցին»: