Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օվերչուք. «Գրեթէ Ամէն Օր Կապ Կը Պահենք Ազրպէյճանական Եւ Հայկական Կողմերուն Հետ Փոխադրամիջոցային Կապերու Ապաշրջափակման Նիւթով»

June 17, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան գրեթէ ամէն օր կապի մէջ է Պաքուի եւ Երեւանի հետ` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրամիջոցային  կապերը ապաշրջափակելու հարցերով: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

«Ռուսիան կը մասնակցի բանակցութիւններուն, լուծումներ կ՛առաջարկէ, կ՛ապահովէ հաղորդակցութիւն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներուն միջեւ, երկխօսութեան հարթակ: Ես երբեք չեմ պատասխաներ այն հարցումին, թէ ճիշդ ե՛րբ պիտի ըլլայ ապաշրջափակումը, որքա՛ն արագ կամ դանդաղ. երբ կողմերը համաձայնին, այդ ժամանակ ալ ատիկա տեղի պիտի ունենայ», ըսած է ան:

Օվերչուք նաեւ ըսած է, որ ինք Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի հետ քննարկած է հարցեր, որոնք չլուծուած մնացած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի գործընկերներուն հետ Մոսկուայի հանդիպումէն ետք:

«Հիմնական աշխատանքը կը շարունակուի, մենք գրեթէ ամէն օր կապ կը պահենք ազրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման նիւթով, իրականութեան մէջ այդպէս է: Մենք անընդհատ կը հաղորդակցինք` կը հեռաձայնենք, թղթածրարներու փոխանակում կը կատարենք: Աշխատանքը միայն հանդիպումէ հանդիպում չէ, որ կը կատարուի», ըսած է ան` պատասխանելով եռակողմ աշխատանքային խումբի յաջորդ հանդիպումի ժամկէտներու մասին հարցումին:

Նշենք, որ Օվերչուք 2 յունիսին Մոսկուայի, Պաքուի եւ Երեւանի աշխատանքային խումբի հանդիպումէն ետք զգալի յառաջընթաց նկատած էր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ երկխօսութեան մէջ:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատունը Կ՛արձագանգէ. «Միացեալ Նահանգներ Հետեւողականօրէն Կը Պնդեն, Որ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Պէտք Է Ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդի Իրաւունքներու Եւ Անվտանգութեան Պաշտպանութիւնը»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Մտահոգուած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Ստեղծուած Կացութեամբ

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.