Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Ճօ Պայտըն կրնան 11-12 յուլիսին Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ նախատեսուած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունենալ:
Ըստ լրատուամիջոցներուն, «Պայտըն երկուշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հանդիպումէն ետք կրնայ մօտ օրէն հեռաձայնել Էրտողանին»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ անոր թուրք պաշտօնակից Էրտողանի միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր նոյեմբեր 2022-ին Ինտոնեզիոյ Պալի կղզիին վրայ գումարուած «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ: Այդ հանդիպումը դռնփակ էր:


