Վ. Ա.
Ժամանակէ մը ի վեր մեր մամուլը եւ յատկապէս ընկերային ցանցերը ականատեսն են երեւոյթի մը, որ սրբագրութեան կը կարօտի: Երեւոյթը կրնայ հետեւանք ըլլալ շփոթի կամ անտեղեակութեան: Երեւոյթը կը վերաբերի գոյժ-մահազդ-ցաւակցագիր արտայայտութիւններու սխալ գործածութեան:
Ընկալեալ սովորութիւն է, որ մարմիններ կը գուժեն իրենց մէկ անդամին կորուստը: Գոյժը կը գործածուի, երբ պաշտօնի վրայ եղող միութենական մը, վարչական մը կամ պատասխանատու մը կը մահանայ: Գոյժը կը հրապարակէ այն մարմինը, որուն վերջին անգամ մաս կազմած է մահացողը: Մնացեալ մարմինները, որոնց անցեալին մաս կազմած է եւ կամ որոնց գործունէութեան իր ներդրումը ունեցած է մահացողը, պարզապէս մահազդ կը ներկայացնեն: Գոյժ չի կրնար ներկայացնել մարմին մը, որուն միութեան անդամ չէ մահացողը:
Մահազդը կ’օգտագործուի նախկին պատասխանատուի մը կամ գործող միութենական անդամի մը մահուան լուրը ներկայացնելու համար: Երբ հաւատաւոր մը տարիներ շարունակ ծառայած է միութեան մը կամ մարմինի մը եւ այժմ պարտականութեան վրայ չէ, կ’արժանանայ մահազդի: Յաճախ` քանի մը մահազդի, եթէ ենթական ծառայած է կամ կը ծառայէ ազգային-կուսակցական քանի մը շրջանակի:
Ցաւակցագիրը մարմիններու եւ անհատներու կողմէ մահացողին գոյժը ներկայացնող մարմինին յղուած գրութիւններն են: Մարմիններ, մարդիկ ցաւ կը յայտնեն, կը ցաւակցին արձանագրուած կորուստին համար, ո՛չ մահազդ կը ներկայացնեն, ո՛չ ալ գոյժ: Այս սխալ երեւոյթը վերջին շրջանին շատ ընդհանրացած է, եւ մարմիններ յաճախ ցաւակցագիրի փոխարէն` գոյժ կը ներկայացնեն մահացողի մը, որ բնաւ մաս չէ կազմած իրենց միութեան, կազմակերպութեան, բայց հեռուէն կամ մօտէն առնչուած է իրենց:
Արդ, կ’արժէ, որ պատասխանատուներ եւ մարմիններ այսուհետեւ քիչ մը աւելի ուշադիր ըլլան այս պատշաճութիւններու յարգումին, փարատեն ամէն շփոթ եւ ճիշդ արտայայտութիւնը, ճիշդ ձեւով ներկայացնեն ճիշդ տեղը: