Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել Մաքրոնի հետ շաբաթ օր տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ գործակալութիւնը հաստատած է, որ Իրան իր յանձնառութիւնները կը կատարէ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Ռայիսի միւս կողմերուն կոչ ուղղեց «չքաղաքականացնելու հիւլէական թղթածրարը եւ պատժամիջոցներու ջնջման բանակցութիւններուն մէջ ոչ շինիչ քայլեր չորդեգրելու»:
Խօսելով Ուքրանիոյ տագնապին մասին` Ռայիսի ըսաւ, որ այդ հարցին վերաբերեալ Իրանի քաղաքականութիւնը զինուորական ընտրանքն ու պատերազմը մերժելն է` ընդգծելով, որ դիւանագիտութիւնը լաւագոյն լուծումն է:
Մաքրոն իր կարգին յայտնեց, որ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու համար հիւլէական թղթածրարին մէջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ արդիւնքի հասնիլը:
Ան ընդգծեց, որ իր երկիրը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ հաղորդակցելու եւ գործակցելու կը ձգտի:
Մաքրոն ըսաւ, որ Ֆրանսան Իրանը Ուքրանիոյ տագնապի լուծման մաս կը նկատէ` կոչ ուղղելով, որ Թեհրան «այդ ուղղութեամբ աւելի մեծ դերակատարութիւն» ստանձնէ:
Երկու նախագահները համաձայնեցան ամրապնդելու յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար պատժամիջոցներու վերացման վերաբերեալ բանակցութիւններուն, շրջանային զարգացումներուն եւ գործակցութիւնը շարունակելու կարելիութիւններուն շուրջ:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակի քաղաքական հարցերու փոխտնօրէն Մոհամետ Ժամշիտի յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը 90 վայրկեան տեւած է:
«Մաքրոնի եւ Ռայիսիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը նաեւ կեդրոնացաւ շրջանային կարեւոր հարցերու վրայ», նշեց ան:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը, սակայն, հաղորդեց, որ շաբաթ օր Մաքրոնի գրասենեակէն յայտնած են, որ Ֆրանսայի նախագահը նախազգուշացուցած է իրանցի իր պաշտօնակիցը Ռուսիոյ անօդաչու թռչող սարքերու մատակարարման հետեւանքներէն:
Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իրանին կոչ ուղղած է «անյապաղ դադրեցնելու» աջակցութիւնը, որ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ կը ցուցաբերէ Ռուսիոյ:
Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ուքրանիա կը պնդեն, որ իրանեան արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերու մատակարարումը կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2015 թուականի որոշումը, որ կ՛ամրագրէ Իրանի հիւլէական համաձայնագիրը:
Սպիտակ տունը ուրբաթ օր յայտարարած էր, որ Ռուսիան կարծես կը խորացնէ Իրանի հետ իր պաշտպանական համագործակցութիւնը եւ ստացած է հարիւրաւոր յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կ՛օգտագործէ Ուքրանիան հարուածելու համար:


