Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ոչ Այդքան Լաւ Ձեւով Կազմակերպուած Ճատրակի Ախոյեանութիւն Մը

March 20, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր վարժարանը հիւրընկալեց Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպած 2012-ի տարիքային ախոյեանութիւնը: Նշենք, որ անիկա ցարդ չէ աւարտած եւ անոր վերջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 31 մարտին, որմէ ետք պիտի կատարուի բաժակներու եւ մետալներու տուչութիւնը:

Արդարացի ըլլալու համար, կարգ մը կէտեր սրբագրումի կը կարօտին:

Նախ եւ առաջ առաջին օրուան մրցումները սկսան աւելի քան մէկ ժամ ուշացումով: Եթէ ակումբներ մրցաշարք մը հիւրընկալելու ընթացքին ատոր մէջ թերանան, շատ յաճախ կը քննադատուին: Արդ, ինչպէ՞ս բացատրել ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած եւ հովանաւորուած այս ախոյեանութեան մէջ անոր այդ թերացումը:

Այլ սրբագրելի կէտ մը: Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որ աւելի քան 100 մասնակցող, չորս դասակարգերու մէջ իրենց մրցումները կատարեն միայն երկու դասարանի մէջ:

Եթէ 12 եւ 14 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն աւելի հանդարտ մթնոլորտ մը կը տիրէր, ապա ինչպէ՞ս բացատրել 8 եւ 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն պարզած սենեակը, ուր կը տիրէր կատարեալ «լաբիւրինթոս» մը:

Մինչ 10 տարեկանէն վար մասնակցողները մրցում կը կատարէին, անդին սենեակ մուտք կը գործէին 8 տարեկանէն վար մասնակցողները` այլ հանգրուանի մրցում մը կատարելու: Իրենց մրցումին վրայ կեդրոնացած խաղացողները ինչպէ՞ս պիտի շարունակէին այդ խաղը:

Կարգ մը ծնողներ դժգոհեցան եւ բողոքեցին ատոր ի տես, սակայն ֆետերասիոնին պատասխանատուները բաւականացան ըսելով, որ վարժարանին կողմէ իրենց տրամադրութեան տակ դրուած են միայն երկու դասարաններ:

Ասկէ մեկնելով, եթէ ֆետերասիոնը չի յաջողիր յաւելեալ սենեակ ապահովել, շատ աւելի լաւ ըրած պիտի ըլլայ այժմէն իսկ այլ վարժարանի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսիլ յառաջիկայ տարուան համար եւ կամ ալ փորձել համոզել վարժարանի տնօրէնութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր դասակարգի համար իր տրամադրութեան տակ ունենայ տարբեր դասարան մը:

Ինչ կը վերաբերի մրցումներուն ընթացքին ծնողներուն դասարան չմտնելու արգելքը բաւականին յաջողեցաւ, սակայն եղան «անկարգապահներ», որոնք ազատօրէն կ՛երթեւեկէին:

Այդ «անկարգապահ» անձերը, որոնք ճատրակ խաղացողներ եւ անհատական մարզիչներ են միեւնոյն ժամանակ, կու գային ստուգելու, որ իրենց աշակերտները իրենց մրցումները լաւ եւ ճիշդ ձեւով կը կատարէի՞ն:

Դրուած օրէնքը պէտք է յարգուի բոլորին կողմէ, ո՛վ որ ալ ըլլան անոնք, կամ անցեալին ի՛նչ տիտղոսներու որ տիրացած ըլլան:

Ոմանց մօտ խօսակցութեան նիւթ կը դառնար այն, որ այլ ակումբներ երբ մրցաշարք մը կը հիւրընկալեն, իւրաքանչիւր մասնակցողէ կը գանձեն 10 կամ 15 հազար լիբանանեան ոսկիի գումար մը, փոխարէնը իրենց ճաշի հիւրը կը դարձնեն մասնակցողները:

Սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ Ժամհուրի մէջ: Արդարացի չէ այն  պատասխանը, երբ ֆետերասիոնը ըսէ, որ ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ քանի մը օրերու վրայ: Շաբաթ օր անիկա սկսաւ յետմիջօրէի ժամը 17:30-ին, իսկ յառաջիկայ շաբաթ, 31 մարտին, պիտի սկսի ժամը 14:00-էն ետք:

Միակ օրը, որ խաղացողները ամբողջ օրը հոն մնացին, այդ ալ եղաւ կիրակի, 18 մարտը:

Արդ, ֆետերասիոնը այս գծով բացատրութիւն մը ունի՞ տալիք…

Ախոյեանութեան ընթացքին լաւ կողմերուն կողքին դժբախտաբար կային նաեւ թերի եւ խոցելի կողմեր, որոնք ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին սրբագրումի կը կարօտին, մանաւանդ որ նորաստեղծ ֆետերասիոնը ցարդ նոր սկսած է նետել իր քայլերը:

Փափաքելի պիտի ըլլայ, որ ֆետերասիոնը անդրադառնայ այս հարցերուն եւ անոնց անհրաժեշտ լուծումները գտնելով գոհ ձգէ բոլորը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Իր Վստահութեան Քուէն Տուաւ Մարզիչ Թէօ Պոքըրի

Յաջորդը

Տեղեկատուութիւն. «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի Վերաբերեալ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.